Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան Իսրայէլ հրթիռակոծեց Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայանները, որուն հետեւանքով թռիչքները առկախուեցան եւ տեղափոխուեցան Լաթաքիոյ օդակայան։
Նախարարութիւնը ճամբորդները յորդորեց իրենց թռիչքները կարգաւորել օդանաւային ընկերութիւններուն հետ։

Նախարարութիւնը գուժեց նաեւ հրթիռակոծման հետեւանքով Դամասկոսի օդակայանին մէջ մէկ քաղաքացիի մահը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն։