Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց, որ Իսրայէլի գործած իրարայաջորդ յարձակումներն ու ոճիրները եւս փաստեր են իր ձախողութեան եւ անհաւասարակշռուած վիճակին, որովհետեւ ան յաճախակի փորձեր կը կատարէ Սուրիան տկարացնելու եւ զինք Պաղեստինի զօրակցութեան ուղիէն շեղելու։ Սուրիան կը շարունակէ մնալ կայուն եւ կառչած իր սկզբունքներուն։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Մէկ շաբթուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Իսրայէլ Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023-ին հրթիռներ արձակեց Միջերկրական ծովէն եւ Կոլանէն Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայաններուն ուղղութեամբ, որոնց հետեւանքով Դամասկոսի միջազգային օդակայանի պաշտօնեաներրն մէկը նահատակուեցաւ եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ, ինչպէս նաեւ երկու օդակայաններու վայրէջքի բաժինները վնասուեցան եւ անգամ մը եւս ծառայութենէ դուրս եկան»։
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը զգուշացնէ Իսրայէլը թշնամական յարձակումներէ, որոնք միջազգային եւ մարդկային օրէնքները կոպտօրէն կը խախտեն»։