«Արմէնփրէս»- Ֆրանսա օգնած է Հայաստանին բարելաւելու հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւնները։
Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Սեբաստիան Լըքորնիւն՝ յայտնելով, որ Ֆրանսա Հայաստանին կը վաճառէ երեք ռատար, ինչպէս նաեւ ապագային պիտի մատակարարէ Mistral հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ, որոնց համար համաձայնագիր ստորագրուած է կողմերուն միջեւ։

Փարիզի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպումէն վերջ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարը յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութիւնը առանցքային կարեւորութիւն ունի։
Նշուած է, որ երկու նախարարները ստորագրած են համաձայնութիւն Thales մակնիշի GM 200 3 ռատարի վաճառքի մասին, որոնցմէ Ֆրանսան նաեւ Ուքրանիոյ մատակարարած է։ Կողմերը ստորագրած են նաեւ փոխըմբռնումի յուշագիր՝ ապագային ֆրանսական հակաօդային պաշտպանութեան փոքր հեռահարութեան Mistral հրթիռներու մատակարարման համար։

Լըքորնիւ յայտարարած է, որ Ֆրանսա նաեւ Հայաստանին պիտի օգնէ ցամաքային զօրքերու վերապատրաստման հարցով եւ պիտի աջակցի զինեալ ուժերը բարեփոխելու եւ արդիականացնելու երկրի ջանքերուն։

Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարը յայտնած է, որ հաւատարիմ են Հայաստանի հետ պաշտպանական յարաբերութիւններուն՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ երկու երկիրները նոյն զինուորական եւ քաղաքական միութիւններու անդամ չեն։ «Ատիկա հիմնուած է այն պարզ սկզբունքին վրայ, որ դուք պէտք է կարենաք պաշտպանուիլ», յայտարարած է Լըքորնիւն Սուրէն Պապիկեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին։