«Արմէնփրէս»- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտոլլահիան յայտնած է, որ Թեհրանի մէջ կատարուող 3+3 նախարարական հանդիպումը կրնայ դառնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման անկիւնաքարը:
Ան դիտել տուած է, որ հարթակը կրնար հիմք հանդիսանալ Հարաւային Կովկասի մէջ հանդարտութեան հաստատումին եւ մարտահրաւէրներու լուծումին համար: