Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ,  սակայն այս անգամ՝ երկար, շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ, բարեկամ, հին ու նոր ընկեր, ծանօթ, աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման, եւ աւելին, կարօտիս կողքին, ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի՝ Արարատին, արեւուն, ժամանակին, կեանքին, երիտասարդներուն: Երջանիկ էի: Ամէն օր, «չտես» զբօսաշրջիկի նման, առանց յոգնելու, երկար կը քալէի պատմական անուններ կրող փողոցներէն, պողոտաներէն, հրապարակներէն: Հսկայ ու մանր շէնքերու եւ խանութներու ու թատերասրահներու առջեւ երկար «կը սլքտայի», եւ ամէն քայլափոխիս հոգիս ալ իր կարգին, յաճախ կը պոռթկար եւ երբեմն ալ, կը հրճուէր: Բայց անկեղծ ըսած, առաջին անգամս չէր, որ հայրենիք կ’այցելէի, սակայն ինծի այնպէս կը թուէր, թէ իրապէս նոր եկած էի այս երկիրը: Ըսի, չէ՞, ուրախ էի, որովհետեւ պապերուս հողին վրայ էի: Դարձեալ՝ Արշակ թագաւորը յիշեցնող հպարտութեամբ: Կարծես նոյնիսկ այդ նոյն Արշակն էի:
Բայց այս հրճուանքի պահերու ետին կար նաեւ կեանքի միւս երեսը: Տեսանելի էր այս մէկը: Այսպէս, շատերու մօտ ատելութիւնը գողցած էր յարգանքն ու սէրը, նոյնիսկ՝ գիտակցութիւնը: Տակաւին կային մարդիկ, հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը ցանկային… բայց չէին կրնար ունենալ: Նոյն մարդիկ մայթերուն վրայէն կը քալէին մտածկոտ, անանուն ցաւեր շալկած: Շատեր նոյնիսկ՝ տառապանք հագած: Այցելութեանս առաջին օրերուն կային լուռ եւ նոյնքան ալ աղմկոտ բողոքներ, երեկոյեան ցոյցեր, ընդվզումի պոռչտուքներ: Բացայայտ էր, որ բոլորն ալ անմեղ զոհերն էին մեր հայրենիքի ներքին եւ արտաքին աննպաստ պայմաններուն: Շատերու երազները խորտակուած էին, ուրիշներու աչքերը՝ դէպի օտարութիւն նետուած:
Այս էր մեր հայրենիքը՝ երկիր մը, որուն թշնամիները իրենց վիզերը երկարած՝ գիշեր թէ ցերեկ զինք կը դիտեն ու կը փորձեն իր սահմանները արիւնով ներկել:
Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլար, սա մեր բոլորին հայրենիքն էր՝ իր անցեալ ու ներկայ վկայող պայծառութեամբ եւ մանաւանդ՝ իր քաջարի մարտիկներով: Մեր երկիրն էր, որ թէեւ աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր աշխարհի քարտէզին վրայ ազատօրէն կը շնչէր, սակայն տակաւին մինակ էր եւ իր հողերն ալ՝ հայ մարդոցմով ծարաւ:
Աղուոր անկեղծութեամբ մը կը կրկնեմ, եկած էի Հայաստան երկար վայելելու իր լոյսն ու յոյսը, արեւն ու աշունը: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձեմ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն:
Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, իւրաքանչիւր առաւօտ, լուսաբացին կ’ուզեմ անպայման տեսնել բոլորի աչքերուն մէջ իրենց երազներու իրականացումը: Մէկ խօսքով՝ նոր սերունդին արթուն աչքերը, որպէսզի վերջ ի վերջոյ ունենային նոր Հայաստան մը՝ խորունկ, հաստատ եւ հպարտ, մանաւանդ բարգաւաճ՝ ներքին ու արտաքին խաղաղութեամբ եւ հայու հողին հաւատարմութեամբ: Կը կրկնեմ, ամէն առիթով Երեւանի իւրաքանչիւր պատմական յուշարձանին մօտ, մտովի երկար ու համբերութեամբ կը զրուցէի եւ սիրտս «կը պարպէի»:
Ու հակառակ ակնյայտ բացասական երեւոյթներու, ընդհանրապէս հակամէտ եմ առաւելութիւններ տեսնելու: Ճիշդ էր, որ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական հարցերն ու մանաւանդ անստոյգ վաղը մարդիկը մեծապէս կը խռովէին: Կը զգայի անոնց տառապանքն ու կը տեսնէի յուսախաբութիւնները: Բայց նաեւ կ’ուզէի տեսնել նոր արշալոյսի մը ճառագայթները: Երկրիս նոր յոյսերը: Նոր հայու մտքի կրթուածութիւնը: Ապագայի հանդէպ սէրը: Շատ լաւ գիտէի, որ վտանգաւոր փուլէ մը կ’անցնէր մեր հայրենիքը: Կորսնցուցած էր իր միւս հարազատը՝ Արցախը:
Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը: Էականը սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու մաղթանք մըն է, որուն համար ներքին ու արտաքին կայունութիւն պէտք է: Խաղաղութիւն  պէտք է: Բայց խաղաղութիւնը միայն զէնքով կարելի էր ձեռք բերել: Յստակ էր:
Ու այս բոլորէն ետք նաեւ կը հաւատամ, որ հայրենաբնակ մեր նոր սերունդը, հակառակ այս տեսակաւոր անորոշութեանց, պիտի փորձէ շարունակել իր դրօշարշաւը՝ լեցուած ստեղծումի ոգիով: Ու այս մէկը մխիթարական է: Հայ միտքի դրական մտածելու իրաւունքն ու պատեհութիւնը ինքնին յոյս ներշնչող են: Անոր համար յարկաբաժինիս «Ամիրեան» փողոցի վրայ բացուող պատուհանէն ամէն առաւօտ եւ մտովի լայն բարի մաղթանքներ «կը ցանէի»:
Գէորգ Պետիկեան