Պատերազմ, մահ, կռիւ ամէնուր: Ցաւ, լաց ու նեղութիւն ամէն ծայր: Այս անգամ , սակայն, մեր միտքը չարչրկող հիմնական հարցումը պիտի ըլլայ ոչ թէ «ինչո՞ւ»-ն, այլ «մինչեւ ե՞րբ»-ը: Որքա՞ն արիւն պէտք է տակաւին, որքա՞ն զէնքի վաճառք պէտք է, որքա՞ն զոհ պէտք է «աթոռը» պահելու համար: Ո՞վ պիտի մխիթարէ նահատակին մայրը, ո՞վ պիտի զգայ կնոջ ցաւը, ո՞վ պիտի սրբէ զաւկին արցունքը: Ո՞վ կը յանդգնի հարց տալ մօր, թէ ինչո՛ւ զաւակը յանձնեց հողին: Ո՞վ կը յանդգնի հարց տալ ողբացող կնոջ, թէ ինչո՛ւ ամուսինը գերեվարուած է թշնամիին կողմէ: Ո՞վ կը յանդգնի հարց տալ պատանիին, թէ ե՛րբ պիտի կարենայ տեսնել իր հայրը:
Փաստօրէն գրիչի մը արձանագրութեամբ բոլոր զոհողութիւնները կը դառնան ափսոսանք: Համաձայնութեան մը հետեւանքով երիտասարդութեան բոլոր սխրանքները կը ջնջուին անձայն, կը կորսուին անհետ: Կարծէք բան չէ պատահած. ու բոլորը կը շարունակեն իրենց առօրեան… Սակայն մայրը կը շարունակէ սպասել իր զաւկին վերադարձին, կնոջ աչքերը կը մնան ճանապարհին, եւ այդ մանուկը կարօտով կը սպասէ իր հօրը:
Պատերազմ ամէնուրեք, սակայն կարգ մը պատերազմներ նուազագոյն ուշադրութեան ու դատապարտումի կ’արժանանան, ուրիշներ՝ աշխարհը ոտքի կը հանեն: Արդեօ՞ք պատերազմներուն տարածքն ու վայրն ալ դեր կը խաղան տարբեր երկիրներու արձագանգին տարողութեան ու բողոքի ծաւալին մէջ:
Կ’ապրինք այնպիսի դարու մը մէջ, ուր աշխարհը դարձած է փոքրիկ գիւղ մը, եւ ամէն վայրկեան կրնաս իմանալ ամէն բանի մասին: Ուրեմն հարցը լուրին սրընթաց տարածուելու կարելիութիւնը չէ, այլ մեր միասնական բողոքի եւ Արցախի արդարացի պայքարը համաշխարհային լուսարձակի տակ բերելու ուշացումը… Թէեւ քաջ գիտենք, որ բերանացի բողոքներն ու դատապարտումները ոչ մէկ օգուտ բերած են, ոչ ալ պիտի բերեն մեզի: Պարզապէս պէտք է ցոյց տալ աշխարհին հայկական կողմն աշխարհի՝ Արցախի մէջ, տեղի ունեցող մարդկային թէ մշակութային սրբապղծութիւնները՝ գէթ գործի լծելու մշակութային եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները եւ անոնց բոլորին հայեացքը ուղղելու նաեւ դէպի Արցախ:
Ամէն պարագայի շատ կրկնեցինք «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ» խօսքը, ուստի մեր հարցերուն լուծումները չփնտռենք Արեւելքի կամ Արեւմուտքի մէջ:
Այդ խօսքին խորքը չըմբռնեցինք, սակայն, ու նոյն սխալները կրկնեցինք՝ մեր յոյսը դնելով այս թէ այն կողմին, դաշնակիցին վրայ:
Աւարտին ամէնէն դիւրին բանը պիտի ըլլայ ցուցամատը ուղղել այս կամ այն կողմին՝ յանցաւոր փնտռելու համար: Փոխանակ զոհի մնայուն կերպարին մէջ մնալու, ուրեմն, ոտքի ելլենք ու միասնաբար պայքարինք:
Պատմութիւնը եթէ բան մը կ’ըսէ խաղաղութեան մասին, պարզապէս կը հաստատէ որ խաղաղութիւնը կը պարտադրուի եւ չի խնդրուիր: Հողեր տալով խաղաղութիւն չես հաստատեր, եղբա՛յր, այլ պարզապէս թշնամիին ախորժակը կը սրես: Օրինակները շատ են…:
«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», ըսած է յեղափոխական գործիչը:
Շատ գործելու եւ քիչ խօսելու պահն է այլեւս: Հայրենիքէն ներս թէ դուրս գործ ունինք ընելիք: Ամէն ոլորտի մէջ՝ ծրագրելու կարիք, ամէն ճակատներու վրայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կամք՝ առանց ուշացումի:
Կենաց ու մահու կռիւի փուլ կ’ապրինք:
Չմնանք ուրեմն համացանցի էջերուն վրայ խօսքեր եւ լոզունգներ գրողներու դերին մէջ, զիրար յանդիմանելով ժամանակ չվատնենք, այլ կացութեան տէրը դառնանք ու համագործակցինք ազգովին, եւ իւրաքանչիւրը իր լուման թող դնէ մեր ազգի ու հայրենիքի գոյատեւման մարտին:
Սագօ Խալոյեան