Կամ՝ ստեղծող ազգեր եւ յափշտակող ցեղեր:
Ցեղերն ալ կ’ունենան իրենց հաւաքական անհատականութիւնը, կամ խառնուածքը, կամ յատկութիւնները, մանաւանդ երբ իրենք զիրենք մշակած չեն եւ կը շարունակեն կենալ քաղաքակրթութեան ամենացած աստիճանին վրայ:
Անշուշտ պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ քաղաքակրթութիւնը միայն ու մանաւանդ արտաքինը չէ, որովհետեւ կան կարգ մը ցեղեր, որոնք վստահած իրենց արտաքին «քաղաքակրթուածութեան» (ճի՛շդ այդ ըսել ուզեցի՝ շեշտը կրթուածութեան վրայ դնելով), կ’ուզեն հաւատացնել աշխարհին, թէ իրենք եւս քաղաքակիրթ են այնքան, որքան ըսենք Ֆրանսան կամ Անգլիան:
Պահ մը շուրջերնիս դիտենք՝ ամէն կողմ քանդում է.
Սուրիան՝ ֆիզիքապէս քանդուած.
Լիբանանը՝ ֆիզիքապէս եւ տնտեսապէս քանդուած.
Արցախի մէջ իրականացեր է մեր ամէնէն ծանր մղձաւանջը.
Ասիկա մեզի՝ հայերուս համար:
Արաբական աշխարհին մէջ՝ Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Լիպիան զոհ են չես գիտեր ինչ դաւադրութեան:
Եթէ մտածենք որ այս բոլորը քաղաքականութիւն է, պիտի տեսնենք թէ աշխարհի մնացեալ երկիրներն ալ քանդուած են, այս անգամ բնութեան աղէտներէն՝ Մաուիի (Հաուայ) հրդեհներէն սկսեալ մինչեւ Մարոքի երկրաշարժը. աղէտներ, որոնց բնոյթը մեծ հարցադրումներ ստեղծած է այսօր մարդոց միտքերուն մէջ:
Քաղաքական տակնուվրայութեան եւ բնութեան աղէտներու այս զուգորդումը զուգադիպութի՞ւն է:
Անդրադարձայ որ երբ մենք ամէն օր, ամէն ժամ ու պահ դիմատետրին վրայ կը գրենք, հաւատալով որ ա՛յս ալ պայքարի ձեւ մըն է, ու կը գրենք մանաւանդ հայերէն, իրենք, այդ քանդող ցեղերը, որոնք գոնէ հայերէն կարդալ չեն գիտեր, չեն իմանար գրուածը. իսկ երբ անգլերէն կը գրենք, անգլերէն գիտցող օտարները չե՛ն ուզեր կարդալ, չե՛ն հետաքրքրուած թէ
ի՛նչ կը գրենք, ի՛նչ կ’ըսենք:
Հետեւաբար, ապարդիւն է այսքան ներոյժ վատնել դիմատետրին մէջ հայերէն գրելով այսօրուան հարցերուն, մեր ազգին էութենական վիճակին մասին:
Եթէ իրապէ՛ս ըսելիք ունինք, եթէ մեր ըսելիքը հիմնաւորուած է հանդարտ դատողութեան եւ կիրթ ներկայացումի վրայ, անպայմանօրէն – կը յուսանք – տեղ կը հասնի, կը գտնէ միջազգային ընթերցող ա՛յն հասարակութիւնը, որուն ձայնը կրնայ բան մը փոխել կացութեան վիճակէն:
Հարկաւոր է թշնամիին հետ ի՛ր լեզուով խօսիլ՝ ոյժով = զէնք + դրամ. կամ՝ դիւանագիտութեամբ, քաղաքականութիւն խաղալով. միայն այդ պարագային է որ թերեւս արդիւնքի մը հասնինք:
Օրինակ՝ Իսրայէլ տակաւին ուշքի չեկած իր կրած պաղեստինեան ծանր յարձակումներէն, այդ իրարանցումին մէջ մտածեց նաեւ Սուրիոյ՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի օդակայանները կրկին ռմբակոծել եւ անգործածելի դարձնել, կ’երեւի վախնալով որ Սուրիան կրնայ օգնութեան հասնիլ Պաղեստինի պայքարին, մոռցած որ երկիրը դեռ իր վէրքերէն չէ բուժուած տակաւին … Եթէ թոյլ տան, եթէ հանգիստ ձգեն երկիրը իր ժողովուրդին …
Բայց ուշադրութիւն դարձուցա՞ծ էք, թէ վերջերս դէպքերը ինչպիսի՛ հզօր արագութեամբ կ’ընթանան, կարծես չեն ուզեր աշխարհի մարդոց առիթ տալ, որ մտածեն անոնց մասին, հասկնան թէ «բանն ինչումն է», նախապատրաստուին:
Մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին կառուցող եղեր ենք, եղեր ենք գեղեցիկին սիրահար եւ վեհին՝ գործակից: Եւ կողոպտուեր ենք, ջարդուեր ենք, վտարուեր ենք մեր իսկ երկրէն, բայց …
Տարօրինակ ազգ ենք՝ ամէն անգամ վերընձիւղուեր ենք ու շարունակեր ենք ոչ միայն ապրիլ, այլեւ փայլիլ հոն, ուր որ գացեր ենք ապրելու:
Տասնամեակ մը առաջ այս բոլորը հպարտութեամբ պիտի գրէի. այսօր ցաւով եւ քիչ մըն ալ ամօթով կը գրեմ:
Միջանկեալ պատմեմ, որ այն օրերուն, երբ Յակոբ Միքայէլեան Հալէպի մէջ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչն էր դեղագործական ICI անգլիական ընկերութեան, ատենը անգամ մը անգլիացի մասնագէտներ կը հիւրնկալէր: Այդ անգամուն ալ զուգադիպեր է, որ թատրոն պիտի երթար, եւ եկած հիւրը հետը տարեր է: Բեմադրութիւնը Թումանեանի երեք թէ չորս հեքիաթներն են եղեր: Ներկայացումը դիտելէ ետք հիւրը դարձեր է Միքայէլեանին.
-Ձեր հեքիաթներուն բոլո՞ր հերոսներն ալ անխելք են …
Պատկերացուցէ՛ք «Անխելք Մարդը» կամ «Կիկոսի Մահը» …
Եթէ անդրադառնանք, իրաւ է մարդուն դիտարկումը:
-Պարզապէս շատ բարի են,- ըսեր է Միքայէլեան:
Կարելի է բարի ըլլալ բարիին, ազնիւին, քեզ հոգացողին հանդէպ, բայց թշնամիի՞ն:
«Մէկ երեսդ ապտակողին միւս երեսդ դարձո՛ւր» կ’ըսէ Աւետարանը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով: Բայց հայ քահանային տուած պատասխանին նման, երբ զինք ապտակողը լաւ մը ծեծեր է, որովհետեւ՝ «Յիսուս չըսաւ թէ միւս երեսդ ապտակելէն ետք ի՛նչ պէտք է ընես. Աստուած մեզի խելք տուեր է որ մտածենք …»:
Այս բոլորը ըսի եւ պատմեցի, որպէսզի ըսեմ, թէ ինչո՛ւ այսօր ամօթով կը նայիմ մեր «վերընձիւղուող ազգ»-ին. որովհետեւ կարելի չէ՛ այսքան համբերող ըլլալ, այսքան միամիտ ըլլալ տրուած խոստումներուն հաւատալու չափ, այսքան անգամ  կրկին ու կրկին նոյն փոսը իյնալ:
Բայց հայու արիւնս չ’ընդունիր այս իրողութիւնը եւ կը պատճառաբանէ՝ այդ բոլոր դաւաճանները տոլարով գնուած մարդիկ ըլլալու են …
Ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ ազգս, այսքա՜ն կենսափորձէ ետք, շարունակէ ջարդուիլ, իր հողերէն վտարուիլ …
Կա՞ն մեզի չափ եւ մեզի նման կենսափորձ ունեցող ազգեր:
Կա՛ն, դո՛ւք ալ գիտէք թէ ո՛ր ազգերը: Եւ ի՞նչ կ’ընեն այդ ազգերը: Մէկը իր ողջակիզումէն ետք կ’ըսէ՝ «Ա՛լ երբեք, ա՛լ բնաւ …»:
Եւ կ’ընէ:
Միւսը ըսելու պէտքն իսկ չ’զգար, այլ ըրած է, կ’ընէ եւ կը շարունակէ ընել, իրաւամբ «բացատրելով» աշխարհին, թէ «ազատութիւն կամ մահ» ըսուածը լոզունգ չէ միայն:
Մարուշ Երամեան