Խօսքս կողքին մասին չէ, ի հարկէ, որ ժուժկալ ըլլալով հանդերձ, իր գոյներով ու տառաչափերով աչք կը գրաւէ։ Խօսքս բովանդակութեան կը վերաբերի, այդ պատճառաւ ալ կ’ուզեմ ընթերցողին փոխանցել գրքին միտք բանին։ Ի՞նչ գիրք է այս, ուրեմն։
LA FIN DU NEO-LIBERALISME («Նորազատականութեան վերջը»), հեղինակը՝ Claude Vaillancourt (Գլոտ Վայանգուր), հրատարակիչը՝ ecosociete, լոյս տեսած 2023-ի առաջին եռամսեակին, Մոնրէալ, 200 էջ։ Հետաքրքրական է ինչ-որ նշուած է տիտղոսին ներքեւ փոքր տառերով. Regard sur un virage discret, որ թարգմանի «Ակնարկ՝ զգոյշ շրջադարձի մը վրայ»։
Մի՛ մոռնաք այս երկու բառերը՝ «զգոյշ» եւ «շրջադարձ»։
Իսկ ո՞վ է հեղինակը։
Վայանգուր վիպագիր մըն է, փորձագիր մը եւ այլաշխարհի զինուորեալ մը (militant altermondialiste)։ Ան A babord ընկերային-քաղաքական եռամսեայ հանդէսի խմբագրութեան անդամ է։ Այս անկախ հանդէսը, որ նոյնպէս Մոնրէալ լոյս կը տեսնէ, կը հրատարակուի «մարտնչողներու, անկախ լրագրողներու, փրոֆեսորներու, ուսանողներու եւ աշխատաւորներու կողմէ՝ ամէն տեսակ ըմբոստներու, որոնք կ’առաջադրեն յեղափոխել մեր ընկերութիւնը՝ այրերու եւ կիներու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ բնութեան հետ մեր առնչութիւններուն առումով»,- ինչպէս կը նշուի հանդէսի կայքէջին վրայ։ Ան նաեւ նախագահն է միջազգային կազմակերպութեան մը տեղական՝ Attac-Quebec մասնաճիւղին, որ կը հետապնդէ ժողովրդավարական հակակշիռ ստեղծել ելեւմտական գործառնութիւններուն եւ անոնց հաստատութիւններուն վրայ։ Այսքանը գաղափար մը կու տայ հեղինակի գաղափարական կողմնորոշումներուն մասին։
Գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ, ունի յառաջաբան մը եւ եզրափակում մը։ Այդ երեք մասերու եւ իրենց ենթամասերու վերնագրերը խօսուն են իրենք-իրենց.
– Առաջին մաս՝ Ժամանակաշրջանի մը վերջը (Յետնորազատականութիւնը / Մեծ ինքնաժխտումը / Տկարացած համակարգ մը / Հնացած համախոհութիւն մը / Ձախորդութեան մարգարէները)։
– Երկրորդ մաս՝ Յետնորազատական աշխարհը (Անյուսալի կամ պատահական aleatoires – համոզումներու եւ ճշմարտութիւններու վերջը / Կեդրոնի տեղափոխումը դէպի ձախ / Անբարդոյթ ու ռազմատենչ ծայրայեղ աջը / Ինքնութիւններու պարահանդէսը / Սովորական ջղագարութիւնը / Նոր արհեստավարութիւնը / Միացեալ Նահանգներու մշակութային տիրապետութիւնը / միջավայրը՝ պատճառներու պատճառը)։
– Երրորդ մաս՝ Շփոթի ժամանակաշրջանը եւ դրամատիրութեան տեւականութիւնը / Անշարժականութեան ուժերը / Քեպէգի պարագան)։
Նման ամսագրային յօդուածի մը մէջ կարելի չէ այս բոլորին մասին բերել հեղինակի արտայայտած մտքերու ամբողջական պատկերը։ Պիտի ջանամ, սակայն, ներկայացնել կարգ մը նշումներ կամ հաստատումներ, որոնք կը վերաբերին բոլորին, պէտք է մտահոգեն բոլորը, անոնց կարգին նաեւ մեզ, քանի որ մենք ալ կ’ապրինք նոյն այս մոլորող մոլորակին վրայ եւ մեր բնակած երկիրներն ու մեր հայրենիքը նոյնպէս ենթակայ են միեւնոյն ազդեցութիւններուն։
Ասկէ ետք արտայայտուած մտքերը՝ չակերտուած կամ ոչ, առնուած են գիրքէն. փակագիծի մէջ նշուած են անոնց էջաթիւերը։
* * *
Մարդկութեան վերապրումը ապահովելու համար պարտաւոր ենք յարմարիլ բնապահպանման նոր իրավիճակներուն, սակայն չյարմարելու գըլխաւոր ազդակը մեր տնտեսական դրոյթն է (համակարգը), որ ընդդիմանալու անհաւատալի ուժ մը ունի։ Խորհրդային կարգերու անկումէն ետք ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ շուկայի տնտեսութիւնը հաստատուած է ընդմիշտ՝ առանց որեւէ այլընտրանքի։ Պահպանողականութեան նոյն այս տպաւորութիւնը կը զգացուի նաեւ ձախին կողմէ, որ սակայն պիտի չուզէր համակերպիլ անոր (11)։
Բայց եւ այնպէս անցնող քսանամեակին, յատկապէս Գովիտ-19 համաճարակէն ետք տեղի ունեցան որոշ ձեւափոխութիւններ, որոնք մեծ փոփոխութիւններ կրնան յառաջացուցած չըլլալ, սակայն կը հանդիսանան զգոյշ շրջադարձ մը (13)։
«Կը մտնենք դրամատիրութեան մէկ նոր փուլը՝ շփոթի, հակամարտութիւններու, ծայրայեղութիւններու՝ կառավարութիւններով, որոնք երբ բռնապետական չեն, յստակօրէն կ’անջատեն խօսքը գործէն։ Ուստի կարեւոր է գծել ուրուագիծը այս նոր աշխարհի, այս յետնորազատականութեան եւ հասկնալ հեռանկարները, որ ան կը մատուցէ մեզի» (16)։
Կրնայ ինքնին հակասական թուիլ «յետնորազատականութիւն» եզրը,- կ’ըսէ հեղինակը,- սակայն ան կրնայ լաւագոյնը բնութագրել այն անորոշութիւնները, որոնց դէմ-յանդիման կը գտնուինք. պատմութեան շրջան մը, երբ «հինը կը մերժէ մեռնիլ, եւ նորը դժուարութեամբ ձեւ կը ստանայ» (21)։
Նորազատականութիւնը յառաջ եկաւ՝ ժխտելով իր գոյութիւնն իսկ։ Ի՞նչ իմաստ ունի ազատականութեան մասին խօսիլ, երբ այլընտրանքի իրաւունք չես ընդունիր։ Ան «պտուղն էր ընկերութեան օրգանական եւ բնական զարգացման», ժամանակամիջոցի մը, երբ որպէս մարդկային ոգիի խեղճ կառոյցներ փուլ կու գային գաղափարաբանութիւնները՝ մարքսիզմը, հոգեվերլուծումը, կառուցապաշտութիւնը, եւ կը հասկնայինք, թէ աւելի լաւ կ’ըլլար, որ «ընտելացնէինք բանականութեան մեր ըղձանքը, եւ գործնականապաշտութիւնը յաղթէր մեծ մտաւորական կառուցումներուն» (22-23)։
Դէպի յետնորազատականութիւն անցքը անխուսափելի դարձուցին չորս ազդակներ՝ արդիւնքներու բացակայութիւնը, 2007-2008-ի տնտեսական Մեծ անկումը (Grande Recession), կլիմայական ջերմացումը եւ Գովիտ-19 համավարակը (27)։
Նորազատականութեան ապարդիւն ըլլալու մասին կը յիշուի Ժոզէֆ Ստիկլիծ (Joseph Stiglitz) անուանի տնտեսագէտին 2002-ին տուած վճիռը. «Այսօր համաշխարհայնացումը չի գործեր։ Չի գործեր աշխարհի աղքատներուն համար։ Չի գործեր միջավայրին (բնապահպանման) համար։ Չի գործեր համաշխարհային տնտեսական կայունութեան համար» (27)։
Նորազատականութեան նկատմամբ ակնկալութիւնները հիմնուած էին սխալ ենթադրութիւններու վրայ։ Օրէնքներն ու
քաղաքացիական պարտաւորութիւնները նուազագոյնի իջեցնելով եւ հարուստներու տուրքերը անհամեմատօրէն ցած պահելով՝ կը կարծուէր, թէ շատ նոր շահարկումներ պիտի ըլլային, ապրանքներու գիները ցած պիտի մնային, շահոյթը վերէն վար պիտի կաթկթէր ու ամէն մարդ պիտի օգտուէր։ Մինչդեռ գիտենք, որ այդպէս չեղաւ (28)։
Այդ միջոցառումներու հետեւանք էր Մեծ անկումը, եւ պետութիւնը դրամատուներուն օգնեց, որպէսզի անոնց հասոյթները (եւ փայատէրերու հարստութիւնը) կայուն պահէ՝ փոխանակ օգնելու վնասուող հասարակ քաղաքացիներուն (29)։
Գալով կլիմայական ջերմացման՝ փաստուեցաւ, որ անոր դէմ պայքարը ունեւորներու հաշուոյն չի գար եւ միայն տնտեսական տարբեր համակարգի մը տակ կարելի է լուրջ միջոցառումներու դիմել (31)։
Ամէնէն աւելի, սակայն, պսակաժահրի համավարակն էր, որ բացայայտեց նորազատական կարգերու անկարողութիւնը կամ ապիկարութիւնը՝ դիմագրաւելու համար նման խոշոր սպառնալիքներ՝ առանց բնութեան պաշտպանութեան եւ առանց պետական միջամտութեան։ Նաեւ երեւան եկաւ կարեւորութիւնը տեղական տնտեսութեան զարգացման (ի դէմս համաշխարհայնացման)։ Մանաւանդ ակներեւ դարձաւ ունեւոր եւ չունեւոր երկիրներու տարբերութիւնը՝ վարակին զոհ գացողներու քանակին առումով (33)։
Հիմա նորազատականութեան ամէնէն ջերմ պաշտպաններէն ոմանք ալ դարձած են անոր քննադատները։ Մէկը Քլաուս Շուապն է (Klaus Shwab), որ հիմնադիրն է Տաւոսի տարեկան տնտեսական հաւաքին (54)։
Ան համահեղինակ տնտեսագէտ ու պատմաբան Թիեռի Մալըրէի (Thierry Malleret) հետ իր վերջին գիրքին մէջ (COVID-19, la grande reinitialisation – ԳՈՎԻՏ-19, մեծ վերաիմացութիւնը) կը գրէ. «ԳՈՎԻՏ-19-ը ազդարարեց, թէ վերջ գտաւ նորազատականութիւնը, որ հաւաքածոյ մըն է գաղափարներու եւ քաղաքականութիւններու, որ հանգիստ կրնանք ըսել, թէ կը քաջալերէ մրցակցութիւնն ընդդէմ միասնականութեան, ստեղծագործ քանդումն ընդդէմ պետական միջամտութեան եւ տնտեսական աճն ընդդէմ ընկերային բարօրութեան»։
Եւ կ’աւելցնէ. «Գերհամաշխարհայնացումը» կորսնցուցած է իր ամբողջ քաղաքական ու ընկերային դրամագլուխը, եւ քաղաքականապէս անկարելի է ըլլալ անոր ջատագովը» (55)։
Շուապի կը ձայնակցի, կարծէք, Փաթրիք Արթիւս (Patrick Artus)՝ Նաթիքսիս, դրամատունէն։ Ըստ անոր՝ կան նորազատական դրամատիրութեան վերջը բերող չորս պատճառներ. 1) Կը վերադառնանք ազգային եւ ոչ համաշխարհային արժէքներու շղթաներու, 2) Մնայուն աճ մը պիտի ըլլայ հասարակական ծախսերու, 3) Պետութիւնը պէտք է միջամտէ սահմանելու եւ զարգացնելու համար ռազմավարական ճարտարարուեստները, 4) Հիմա այլեւս (նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ) ընդունուած է, որ ամբողջ բնակչութիւնը պէտք է վայելէ ընկերային պատշաճ պաշտպանութիւն մը» (56-57)։
Կը նկատուի հետեւեալ երեւոյթը. ներկայ յետնորազատականութեան այս դարուն կեդրոնը կը հակի քիչ մը աւելի դէպի ձախ բոլոր մարզերուն մէջ։ «Այս անվճռական պատասխան մըն է այն անորոշութիւններուն, որոնք ի յայտ կու գան նորազատականութեան վերջաւորութեան, ձեւ մը՝ հակադարձելու այս համակարգի քննադատութիւններուն եւ համաշխարհայնացման զոհ դարձած ժողովուրդներու հիասթափութեան՝ առանց խորունկ յեղաշրջումներու»։
Հակառակ կուսակցութիւններու բազմապատկումին՝ հազուագիւտ են համակարգային փոփոխութիւններու առաջարկները։ «Ինչ որ կրնար նկատուիլ կարեւոր յառաջացում մը փճացուած է թէ՛ իշխանութիւններու վրայ գտնուողներու քաղաքական կամքի պակասին իրենց գեղեցիկ խօսքերուն հետեւանք տալու տեսակէտէն, թէ՛ ալ ճնշումներուն անբարդոյթ ծայրայեղ աջին, որ կը ջատագովէ հիմնական յետդարձներ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու առումով եւ որ կը թուի այս ժամանակին մէջ որպէս հաւանական կամ համոզիչ այլընտրանքը, որ կը վայելէ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասին քուէն» (81)։
Հեղինակը կը նշէ բազմաթիւ երկիրներ, որոնք ժողովրդավարութեան դիմակին տակ այդ է, որ կը ջանան կատարել, ինչպէս Թրամփի ԱՄՆ-ը, Պոլսոնարոյի Պրազիլիան, Էրտողանի Թուրքիան, Օրպանի Հունգարիան, Տուտայի Լեհաստանը կամ Տիւթերթի ապա եւ Մարկոս Կրտսերի Ֆիլիպինները (84)։
Վայանգուր, սակայն, դրական կը նկատէ այն անհանդուրժողութիւնը, որ կը ձեւաւորուի ընդդէմ այլազանութեան մերժումին՝ ցեղային, կրօնական, թէ այլ, ընդդէմ կիներու նուաստացման ու նսեմացման, ընդդէմ գաղթատիրութեան՝ յատկապէս բնիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, ընդդէմ չունեւորներու ուսման սահմանափակումներուն եւ այլն (96…)։
(Շար.1)
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Դրօշակ» թիւ 10 – 2023