Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Կոստաս Մաւրիտեսի հրաւէրով, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին ու «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» միասնական նախաձեռնութեան հետեւանքով 7 Նոյեմբերին Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արցախահայութեան Իրաւունքները եւ Եւրոպական Միութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողով։

Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են միջազգային ճանաչում վայելող նշանաւոր բանախօսներ։

Մասնաւորապէս՝ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպօն, Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկի համահիմնադիր եւ իրաւական հարցերու տնօրէն Վիքթորիա Մասիմինօն եւ միջազգային իրաւունքի հայազգի մասնագէտ Գառնիկ Քերքոնեանը։ Կը նախատեսուի, որ անոնք պիտի անդրադառնան Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն:
Խորհրդաժողովի նպատակն է քննարկել ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները, 2020_ի պատերազմէն վերջ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները միջազգային իրաւունքին, առհասարակ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ միջազգային հանրութեան, յատկապէս հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած ուժերու քաղաքական վարքին՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Եւրոպական Միութեան քաղաքական դերին։
Խորհրդաժողովէն ժամեր առաջ, Պրիւքսէլի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ասուլիս՝ խորհրդաժողովի բանախօսներուն եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի մասնակցութեամբ: Մամլոյ ասուլիսին հրաւիրուած են եւրոպական երկիրներու մէջ գործող լրատուական միջոցներու թղթակիցներ ու անհատ լրագրողներ, ինչպէս նաև եւրոպական ուղեղային կեդրոններու (think-thank) ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
06.11.2023 թ.