ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ  պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանական առաջին փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը Լաթաքիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Հըթթինի կազմին հետ, որ աւարտեցաւ 67 – 54 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հըթթինի: Աւելցնենք, որ մրցումի յատկանշական կէտերէն մէկն էր ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու համակիրներու խուռներամ ներկայութիւնը։ Անոնք մրցումի առաջին վայրկեանէն քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի կազմը:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հալէպի Ահլին Դամասկոսի մէջ պարտութեան մատնուեցաւ Ուահտէէն  80 – 90  արդիւնքով, ինչպէս նաեւ նոյն արդիւնքով Հուրիէն զիջեցաւ Քարամէին: Ճալաա 7 կէտի տարբերութեամբ յաղթեց Նաուաիրին՝ 71 – 64 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԵՑ ՎԱԼԵՆՍԻԱՅԻՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 13-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Վալենսիան, ուր իտալացի Գարլօ Անշելոթիին գլխաւորած կազմը 5 – 1 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել մրցակիցը:  Երրորդ վայրկեանին, հանդիպումի կոլերուն բացումը կատարեց սպանացի պաշտպան Տանիէլ Գարւախալը, ինչպէս նաեւ կրկնակի կոլերու հեղինակ դարձան պրազիլցի մարզիկներ՝ Վինիսիոս Ճունիըրն ու Ռոտրիկօն: Վալենսիոյ  միակ կոլը վերջին վայրկեաններուն արձանագրեց սպանացի յարձակող Ուկօ Թուրօն: Անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Պարսելոնան 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիպորթիփօ Ալավէսը: Պարսելոնայի կոլերը նշանակեց Ռոպէրթ Լիվանտովսկին:
ՉԵԼՍԻ ՍԻԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ 4 – 4 ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Անգլիոյ Փրեմիէր լիկի առաջնութեան 12-րդ փուլին, Մանչեսթըր Սիթին  Լոնտոնի մէջ Չէլսիի հետ մրցում մը ունեցաւ։ Հանդիպումը աւարտին հասաւ 4 – 4 հաւասար արդիւնքով: Սիթիի կրկնակի կոլի հեղինակ դարձաւ Էրիք Հալանտ, իսկ յաջորդ երկու կոլերը նշանակեցին Մանուէլ Ականչէնն ու Ռոտրիկօ Էրնանտէզը։ Չելսիի կոլերը նշանակեցին Տիակօ Սիլվան, Ռահիմ Սթերլինկը, Նիքոլաս Ճեքընն ու Քաուլ Պալմէրը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան