ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Ուրբաթ օր բացուած յայտարարուեցաւ Սուրիոյ տղոց պասքեթի ախոյեանութեան  մրցաշարքը: Հալէպի Ահլին 97 – 55 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրնկալ Ուասպէն, իսկ Ուահտէն 87 – 70 արդիւնքով յաղթեց Քարամէին: Հուրիէն 89 – 82 արդիւնքով զիջեցաւ Նաուաիրին, իսկ Հալէպի Ճալաա ակումբը 66 – 59 արդիւնքով յաղթեց Ճէյշին:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հալէպի Ահլին 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Սուրիոյ ախոյեան Ֆթուէէն, իսկ Հուրիէն շարունակելով իր ձախող խաղարկութիւնը 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Թալիային. Դամասկոսի մէջ Ուահտէ եւ Քարամէ խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը աւարտեցաւ 2 – 2 հաւասար արդիւնքով, իսկ Ուասպէն 2 – 0 արդիւնքով յաղթեց Թշրինին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻ 8-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ՈՍԿԵԱՅ ԳՆԴԱԿ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
France Football ամսագիրը որոշեց  2023-ի «Ոսկեայ գնդակ»-ի դափնեկիրը: 8-րդ անգամ ըլլալով Արժանթինի հաւաքականի եւ Ամերիկայի Մայամի ակումբի խաղացող   Լիոնէլ Մեսսի արժանացաւ նշեալ պարգեւին: Ան նախապէս այս մրցանակին արժանացած է 2009, 2010, 2011, 2012, 2015, 2019 եւ 2021 թուականներուն: Մեսսիի ամենամօտ մրցակիցը՝ Ռոնալտօն (5 տիտղոս), այս տարի նոյնիսկ մաս չկազմեց թեկնածուներու ցուցակին։
Լիոնէլ Մեսսի կէտերու տարբերութեամբ գերազանցեց երիտասարդ խաղացող Էրլինկ Հալանտը եւ Քիլիան Մպափէն: Հիմնական պատճառը այն էր, որ անցեալ տարուան ընթացքին ան Արժանթինի  հաւաքականին հետ տիրացաւ աշխարհի առաջնութեան, եւ դարձաւ մրցաշարքի լաւագոյն խաղացողը: France Football-ի որոշումին համաձայն, տարուան լաւագոյն կին ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ սպանացի Այտանա Փոնմատին: Լաւագոյն ռմբարկուի մրցանակը ստացաւ Էրլինկ Հալանտը, որ  բոլոր մրցաշարքերուն նշանակեց 56 կոլ:
Տարուան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ որոշուեցաւ Ռէալ Մատրիտի  անգլիացի խաղացող Ճուտ Փելինկհեմը, լաւագոյն դարպասապահ՝ արժանթինցի  Էմիլիանօ Մարտինէսը: 2023-ի  լաւագոյն խումբ ճանչցուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան