Լրագրողներու Միութիւնը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի իրագործած ոճիրը Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին նկատմամբ, որուն հետեւանքով լրագրող Ֆարահ Օմար եւ լուսանկարիչ Ռապիհ Մաամարի նահատակուեցան։
Միութիւնը յայտնեց, որ այս արարքը լուսարձակի տակ կ’առնէ Իսրայէլի անմարդկային քաղաքականութիւնը եւ շարունակական յարձակումները լրագրողներուն վրայ, որպէսզի խափանուի ճշմարտութեան ձայնը, որ կը վաւերագրէ Իսրայէլի ոճիրները Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ։
Միութիւնը այս քայլը պատերազմական ոճիր համարեց, համաձայն Ժընեւի 4-րդ համաձայնութեան եւ միջազգային օրէնքին, ապա կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն պատասխանատուութիւն կրելու լրագրողներու դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումներուն եւ անմարդկային ոճիրներուն համար, շեշտելով իր ամբողջական զօրակցութիւնը՝ «Մայատին»-ի առաքելութեան։