Դամասկոսի արուարձանին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումին լոյսին տակ, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, զգուշացնելով Իսրայէլը տարածաշրջանին վրայ գործած յարձակումներէն եւ իրագործած ոճիրներէն, շեշտելով Սուրիոյ իրաւունքը պաշտպանելու իր գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգային օրէնքին ընծայած բոլոր միջոցներով։

Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սուրիա կը շեշտէ, որ Իսրայէլ թշնամական իր այս ընթացքը շարունակելով կ՚ուզէ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել Կազզայի մէջ Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ 47 օրէ ի վեր իրագործած ոճիրներէն, որուն հետեւանքով շրջանը ամբողջութեամբ փոքրիկներու գերեզմանոց դարձաւ»։