Հեղինակ՝ Պերճուհի Աւետեան

Ամէն անգամ, երբ հայերէն լեզուով գիրք մը կը հրատարակուի (անշուշտ եթէ տեղեակ ըլլամ-կամ հատորը՝ ստացած), իմ կողմէ համեստօրէն եւ անկեղծ մօտեցումով, ջերմ գնահատանքի տողերով կը փորձեմ անոր անդրադառնալ:
Կը սիրեմ խանդավառուիլ: Աւելի ճիշդ՝ միշտ նոր գիրքը դիմաւորած եմ խանդավառութեամբ:
Ու նորութիւն մը չէ, երբ աւելցնեմ, որ հայ գիրքի ծնունդն ու իմ գրասեղանիս անոր ներկայութիւնը զիս իսկապէս կը վերապրեցնեն: Որովհետեւ հաւատացէ՛ք, հայ գրականութեան տաճարին մէջ իւրաքանչիւր «լոյս», ոչ միայն ինծի, այլեւ բոլոր մշակութասէր հայորդիներուն համար, կը կարծեմ որ մեծապէս ողջունելի է: Աւելին՝ հայ երկի մը հրապարակ գալը, արձակ կամ բանաստեղծութիւն, ուրախալի եւ յոյս ներշնչող երեւոյթ ալ է:
Պարզապէս կ’ուզեմ նաեւ յիշեցնել, թէ հատորի մը լոյս ընծայումը անիմաստ պիտի ըլլայ, եթէ  չմտածուի զայն ընթերցողին յանձնելու մասին: Ու այս պարագային, ընթերցողը հաղորդակից դարձնելու համար՝ ներկայացնեմ հեղինակը:
Նախ հպարտօրէն եւ մտերմաբար ըսեմ, որ հեղինակ Պերճուհի Աւետեան եղած էր Ճեմարանի լաւագոյն աշակերտուհիներէս մէկը: Թէեւ Հալէպի  երկրաչափական համալսարանի շինարարական ճիւղէն վկայուած է, սակայն հայ լեզուին, հայ գիրին ու հայ գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրը զինք առաջնորդած է հայ գրիչ մը դառնալու կոչումին:
Իբրեւ հաստատուն վկայ… ահա՝ հեղինակ Աւետեանի «ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐ»-ը:
Հատորի կողքին վրայ կը կարդանք. «Հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Թիւ 103 -Անթիլիաս- 2021», իսկ կողքի ետեւի բաժինին՝ հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը:
258 էջերէ կազմուած սոյն հատորը բաժնուած է չորս մասերու, որոնք վարը նշեալ խորագրերու տակ, զանազան պատմուածքներով եւ յօդուածներով ամբողջացած են: Այսպէս.
1-Պատերազմական Մթնոլորտ- (8 պատմուածք)
2-Հրապարագրական – (4)
3-Գեղարուեստական – (16)
4-Երգիծական – (4)
Հատորը, որ լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն-(Անթիլիաս-Լիբանան), խմբագրած է հանրածանօթ մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան: Իսկ հատորի վերջին բաժինին, առ ի տեղեկութիւն, 3 էջերով ներկայացուած է «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»-ի իրարայաջորդ հրատարակութիւնները:
Խորքին մէջ տեսանելի, զգացական եւ նոյնքան ալ դժբախտ իրողութիւններու համադրում մըն է «ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐ»-ը, որ նաեւ հեղինակին երրորդ հատորը կը նկատուի, «Կտակը»-էն (1994) եւ «Միս Եփփէ Մայրիկը»-էն (2006) ետք:
Գրող Աւետեան սոյն հատորով 2011-2020 տարիներուն վրայ երկարող Հալէպի եւ Երեւանի մէջ իր անցուցած, ապրած, կրած, տառապած ու մանաւանդ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի օրերու սարսափին տակ մնացած իր մտածումներն ու զգացումները, ապրումներն ու ներշնչումները իւրայատուկ ձեւով եւ պիտակով դրսեւորած է, առաւել հայրենիք հաստատուելէ ետք, սփիւռքահայու կարօտի եւ յուսախաբութեան իր մտորումները թուղթին յանձնելով այս հատորին հարազատօրէն ծնունդ տուած է:
Եւ երբ կը կարդաս անոր «Կար ու Չկայ»-ն (էջ 25), կը զգաս ու կը հասկնաս Հալէպի մէջ սուրիական պատերազմի այդ տարիներու ահռելիութիւնն ու ողբերգութիւնը, որոնք մեծապէս եւ զգալիօրէն ցնցած էին իր եւ իր ընտանիքին ամբողջ էութիւնը եւ տանջած իր միտքն ու հոգին:
Այս բոլորին համար հեղինակը լայն բանալով իր էջերը, շատ յաջող կերպով կրցած է խորունկ ու ցաւալի տողերով, հաղորդական շունչով եւ նոյնքան ալ ազգային ալեկոծութիւններով ու երազանքներով ներկայացնել իր ապրումները:
Հատորին մէջ էջեր կան, որոնք ուղղակի սրտիդ կ’իջնեն, որովհետեւ այդ էջերը եղած են յարատեւ տագնապի մը երգը, տրտմութեամբ թաթախուած: Էջեր, որոնք հայասիրտ տրոփումով ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնեն հեղինակի մտքի թափառումներուն:
Յաջող արձակով հրամցուած նաեւ իր բոլոր տողերուն վրայ նշմարելի է Պերճուհի  Աւետեանի հարազատ եւ իմաստալից շունչը՝ համեղ ոճով, պարզ եւ թարմ զգացումներով եւ գրելու մտերիմ ձեւով հրամցուած:
Կան հարազատ պատկերներով ներկայացուած վիճակներ, պահեր, սարսափի ու վախի ազդեցութեան տակ հասկնալի ու յաճախ ալ սրտաճմլիկ, ինքնատիպ, զգայուն, ու մանաւանդ սրտի մօտիկ տողերով էջեր:
Իբրեւ համեստ ընթերցող, ինծի համար այս հատորը, աւելի ճիշդ բազմաշերտ պատկերներու մէջ ամփոփուած այս
գիրքը, երբ ընթերցեցի, իր տեսակին մէջ իբրեւ իւրայատուկ հատոր, եկայ կրկին անգամ հաստատելու, թէ այսօրուան գրողին նիւթը իրապէս որ մարդու ներաշխարհն է: Նոյնիսկ այդպէս պէտք է որ ըլլայ:
Հատորին մէջ դրսեւորուած տագնապներն ու անոնցմէ բխող անկաշկանդ ու հաւասարակշռուած պոռթկումներն ու ապրումները աւելի կը պրկեն ընթերցողին հոգեվիճակները։ Հոն հարազատօրէն տեղ գտած բոլոր պատմուածքներն ու յօդուածները, օրագրութիւն կամ պարզ ձեւով ներկայացուած գրութիւնները կը ներկայացնեն խոհեմ համոզումներ, կեցուածքներ, հայ կեանքին հետ առնչուող հիմնական երեւոյթներու մասին ստեղծագործ գրիչով եւ վերլուծող նկարագրող իր տողերով:
Անկեղծօրէն նաեւ ըսեմ, որ Պերճուհի Աւետեան մեր այս գրիչը, բոլորովին անծանօթ դէմք մը չէ Սփիւռքին ու նաեւ հայրենիքին ալ: Ան մտածող միտք մը ըլլալով հանդերձ, լաւ դիտող մըն է, եւ ունի իր հաստատ համոզումներն ու տեսակէտները: Իր միտքը կ’արտայայտէ իւրայատուկ ձեւով, դատելու ճշգրիտ առաքելութեամբ, սովորական եւ ընթացիկ եզրակացութիւններէ վեր՝ համարձակ ու անշահախնդիր ակնոցով, իրապաշտ եւ կենդանի ու գրաւիչ վրձինով, էջերուն տալով խորք եւ տաքութիւն:
Այս հատորով Աւետեան դիտելու եւ վերլուծելու իր տաղանդով մեր դիմաց բացած է նոր ուղի մը, նոր պատկերներով ճոխացած, հասկնալի ու սրտի մօտիկ:
Արդ, այս առիթով, լեցուն թոքով անկեղծ գնահատանքներուս, բարեմաղթութիւններուս ու շնորհաւորանքներուս
կողքին, յարատեւութեան մաղթանքներս ալ մեր այս հեղինակին կը փոխանցեմ, յուսալով եւ միաժամանակ թելադրելով, որ իր գրիչը դալար պահէ եւ շարունակէ հայ գրականութեան անդաստանին մէջ կատարել իր արդար վար ու ցանը:
Վարձքդ կատա՛ր, Մեսրոպեան բանակի կամաւոր զինուորագրեա՛լ գրիչ,  սիրելի ու յարգելի աշակերտուհիս՝ Պերճուհի՛ Աւետեան: Ապրի՛ս:
Գէորգ Պետիկեան