Քեսապի մէջ եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը այնքան յստակ ու հաճելի կը լսուի, յատկապէս գարնան ու աշնան պարզ օրերուն:
Գարնան թռչուններուն ճլվլոցին հետ պահ մը կը վերանաս. անոնց ձայները լսելով հոգեկան աշխարհդ կը խայտայ: Աշնան դեղնած ու գունոտած սրճագոյնի երանգներով գետին թափած տերեւներուն եւ հովին միատեղ խաղին, խշխշոցին ձայները միախառնուելով կը հասնին ականջիդ ու սրտիդ:
Ամրան ժխորին եւ խճողումին, ինքնաշարժներու ձայներուն եւ մարդոց բարձրացուցած աղմուկին մէջ, ղօղանջին ձայնը կարծէք կը մեղմանայ: Մինչ ձմրան, երբ պաղէն պատսպարուելու համար դուռ ու պատուհան գոցած կը նստինք,, վառարանի ճարճատիւնին կը միանան անձրեւին ու որոտումին ձայները ու դժուար կ’ըլլայ ղօղանջին ձայնը վայելել:
Քեսապցիք երեք համայնքներու զանգերուն ղօղանջը կը զանազանեն իրենց թրթռացումներէն: Անոնց զանգերը կը հնչեն ամէն Կիրակի, տօնական օրերուն, պսակներուն եւ կամ համայնքապետներու այցելութեան ուրախ առիթներով:
Աւելի վաղ ժամանակէ եկած սովորութիւն մըն ալ, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի, դպրոցական օրերուն, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջելն է: Արդեօ՞ք այդ սովորութիւնը յառաջացած է ժամանակին շատերուն մօտ ժամացոյցի չգոյութեան հետեւանքով…
Եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը վերոյիշեալ առիթներով հնչելու կողքին մահուան բօթը փոխանցելու եւս կը ծառայէ: Մահացողը, ո՛ր համայնքին ալ պատկանի, այդ համայնքի եկեղեցւոյ զանգը եռեակ կշռոյթով կը ղօղանջէ (իրար յաջորդող հերթական երեք հարուածներով): Այլ խօսքով՝ Քեսապի մէջ մինչեւ այսօր մահազդը չի գործածուիր մահուան գոյժը տարածելու համար: Մարդիկ եկեղեցւոյ «կտրուկ զանգով» կ’իմանան, իսկ բօթը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Անցեալին եթէ գլուխդ պատշգամէն կամ պատուհանէն երկարէիր ու որեւէ անցորդի հարցնէիր, կ’իմանայիր մահացողին ով ըլլալը: Իսկ այսօր, ընկերային ցանցը լուրերը արագօրէն փոխանցելու միջոց դարձած է:
Ծերոն նախակրթարանի երկրորդ դասարանի աշակերտ էր: Դասացոյցը ձեռքը առած, յաջորդ օրուան դասերը կը ստուգէր մօրը օգնութեամբ, իսկ աւարտած դասի գիրքն ու տետրակը դպրոցական պայուսակին մէջ կը տեղաւորէր:
Առաջին երկու դասապահերուն դասերը հազիւ աւարտած, եկեղեցւոյ զանգը կտրուկ երեք անգամ կը ղօղանջէ ու ղօղանջը երկար ժամանակ կը կրկնուի:
Երբ «կտրուկ զանգը» երկար հնչէր՝ մահացողը երիտասարդ կ’ըլլար, իսկ եթէ քանի մը անգամ միայն կրկնուէր, մահացողը Քեսապէն դուրս բնակող քեսապցի մը կ’ըլլար:
Ծերոնին մայրը ականջները սրած մտիկ կ’ընէր եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը, ինք ալ մօր հետեւելով պահ մը լուր մտիկ ընելէ ետք զանգին ղօղանջը կը բացագանչէ.
– Հէ՜յ… մէկը մեռաւ:
– Ծերո՛ն, տղա՛ս, ինչո՞ւ այս ուրախ բացագանչութիւնը, կը հարցնէ մայրը զարմացած:
– Մա՛մ, վաղը կրօնի գրաւոր ունինք, հիմա մէկը մեռաւ, ուրեմն վաղուան գրաւորը յետաձգուեցաւ:
Մայրը թաքուն ժպիտով դիտեց իր անմեղ փոքրիկին ուրախութիւնը: Ան տակաւին մահուան իմաստն իսկ չէր ըմբռնած, սակայն շատ լաւ գիտէր, որ եթէ գիւղին մէջ մահ պատահէր, յաջորդ օր կրօնի պահը չեղեալ կը համարուէր, որովհետեւ
Քեսապի մէջ կրօնի դասապահերը կը վերապահուէին գիւղին հոգեւոր հովիւին: Ուստի, եթէ գիւղին մէջ մէկը մահանար, հոգեւոր հովիւը անկասկած թաղման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլար:
«Եաշխօրքը Չուճօխ Պըր Ընուս» (Աշխարհին մէջ երեխայ պիտի ըլլաս), կը մտածէր մայրը: Երեխային համար միայն դասապահի մը չեղեալ համարուիլը ուրախութիւն կրնար առթել, նոյնիսկ եթէ ան կարողութիւն չունենար ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, կեանքն ու մահը զանազանելու եւ դասապահի մը չեղեալ նկատուելուն համար այդքան զուարճանար:
Սեւան Ա. Մանճիկեան