Շաքէ Մանկասարեանի «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ» Բ. հատոր
Երեւան վերջին այցելութեանս անակնկալ եւ գեղեցիկ նուէր մը ստացայ: Այդ մէկը՝ Շաքէ Մանկասարեանի նոր լոյս ընծայած «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» խորագիրով Բ. հատորն էր:
Խորքին մէջ, այս ալ առաջինին նման, արեւմտահայերէնի վերածուած պատշաճ հեքիաթներու հաւաքածոյ մըն էր:
Այս օրերուն, երբ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ, եւ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է, ահա՛, օտար միջավայրի մէջ ապրող, հայասիրտ տրոփումով եւ հայութեամբ տագնապող, ազգային ալեկոծութիւններով եւ երազանքներով ու մանաւանդ իբրեւ մտայղացող պայծառ միտք ունեցող Շաքէ Մանկասարեան դարձեալ հայ աշակերտին, կամ աւելի ճիշդ մեր նոր սերունդին կը հրամցնէր իր այս նոր օգտաշատ հրատարակութիւնը:
Մանկասարեան՝ բոլորին ծանօթ առցանց Radio Ayk-ի հիմնադիրն ու հաղորդավարն է, որ միաժամանակ արեւելահայերէնով լոյս տեսած հեքիաթները, արեւմտահայերէնի վերածման այս նոր աշխատանքով, կու գար կրկին հաստատելու, որ ինք հայութեան հրապարակէն հեռացող մը չէ եղած երբեք, նոյնիսկ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մայր էջերէն ալ չէ հեռացած։ Իր մօտ ո՛չ միայն մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ գիրքը, նաեւ՝ ծանօթացման բաց դաշտ մը ըլլալով հանդերձ հայ մտքին յատուկ ծաղկուն, բուրումնաւէտ եւ հաճելի պարտէզ մըն ալ է:
Ու կրկնութեան գնով կ’ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ հեքիաթ «ըսուածը» կարճ պատմութիւն մըն է, որուն հեղինակը, ինք՝ ժողովուրդն է։ Հոն է, որ յստակօրէն զինք ստեղծող ժողովուրդին կեանքը կ’արտացոլայ, բազմազան պատկերներով, չափազանցուած, երեւակայութեամբ, բարիի եւ չարի պայքարներով, իմաստալից եւ բարոյախօս բառերով եւ պատմումով, կախարդական, արկածային եւ կենցաղային բովանդակութեամբ:
Իսկ գալով «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ» այս Բ. հատորին, ըսեմ որ ան 2021-ին Ա. հատորի շարքին կը պատկանի ու բաղկացած է 80 էջերէ, 9 հեքիաթներէ եւ 6 իմաստալից, գունաւոր ու աչքառու գեղեցիկ նկարներէ:
Իսկ 2023-ին լոյս տեսած այս նոր հատորը, իր առաջին էջին վրայ Մանկասարեանի կողմէ ունի շնորհակալագիրի եւ երախտագիտութեան յատուկ բաժին մը, նուիրուած սոյն հրատարակութեան նիւթական օժանդակութեամբ նպաստող եւ հատորին պատրաստութեան ու հրատարակութեան աջակցողներուն՝ Զարուհի Քիլէճեանին, Սիրան Գուշեանին եւ Թադէոս եւ Լենա Եսայեաններուն:
Ապա 9 յաջորդական հեքիաթներէն առաջ, իբրեւ գնահատանքի եւ սրտի խօսքեր իրարայաջորդ կերպով գրաւած են՝ փրոֆ. Արա Սայեղի «Հեքիաթներ»-ը՝ Պատմումի Ուսուցանող Դիտաւորութեամբ» յօդուած- գնահատականը, Թադէոս Եսայեանի «101 Էջ, 18 Հեքիաթ, Մէկը Միւսէն Լաւ» խօսքը, եւ Եզնիկ Բալայեանի ու Գէորգ Պետիկեանի սրտի խօսքերը:
Ներկայացուած հեքիաթներն են.-
-«Ագահ Կաթնավաճառն ու Կապիկը» – հնդկական մանկական գրականութենէն
-«Ագահ վաճառականը» – հնդկական գրականութիւն
-«Ամենապիտանի Բանը» Աւետիք Իսահակեանէն
-«Երեք թիթեռնիկներ» -իտալական հեքիաթ
– «Երեք Տիկնիկներու գաղտնիքը»- Սուրէն Քոչարեանի մշակմամբ- հայկական ժողովրդական հեքիաթներու ժողովածուէն
– «Եղեգնուհին»- Ղազարոս Աղայեանէն
– «Խելացի Նապաստակը»- արեւելեան իրանական
– «Կարմիր Ծաղիկը»- ռուսական հեքիաթ-Յ. Թումանեանի թարգմանութեամբ
– «Ոսկի Բադը»- լեհական հեքիաթ
Արեւմտահայերէնի վերածուած այս բոլոր հեքիաթները ներկայացուած են պարզ եւ իրապաշտ ոճով, մաքուր եւ բոլորին հասկնալի ու մանաւանդ հաճելի լեզուով եւ նկարազարդ էջերով: Նկարներ, որոնք ստեղծագործութիւններն են հմուտ արուեստագէտ Վիգէն Շառոյեանի:
Ու հակառակ անոր որ կը գիտակցինք հեքիաթի դաստիարակիչ դերին, բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք արեւմտահայ գրականութեան ցանկին մէջ զգալի բացակայութեան մանկական գրականութեան, որուն բաժինէն ներս կ’իյնան նաեւ հեքիաթագիրները:
Շաքէ Մանկասարեանի առողջ մտածողութեամբ տարած այս աշխատանքը կու գայ որոշ չափով այդ հսկայ բացը գոցելու եւ միաժամանակ օրինակ դառնալու, որ գրիչներ այս մասին ալ մտածեն ու աշխատանք տանին զարգացնելով գրական այս սեռը:
Իմ կարգիս, նախ կը շնորհաւորեմ Շաքէ Մանկասարեանի այս յղացման նորութեան եւ լեզուի նրբութեան խոնջէնքը: Անձնապէս, իր ստեղծագործ իրականութիւնը գնահատողներէն մէկն եմ՝ անկասկած: Իր խոհեմ համոզումները, կեցուածքը, հայ կեանքին հետ առնչուող հիմնական երեւոյթներու մասին իր գաղափարները, կու գան ամբողջացնել իր կենսագրութիւնը եւ մեծապէս գնահատելի դարձնել իր գրիչը:
Արդ, անկեղծ շեշտով կը մաղթեմ յարատեւութիւն ու կորով, մանաւանդ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան ո՛չ միայն իր գրիչով տէր դարձող, այլեւ՝ զայն բարգաւաճ պահող իր աշխատանքին, արթուն եւ կենդանի հոգածութեան համար: Գնահատում կատարելը բարերար է եւ քաջալերական: Ուստի.
Վարձքդ կատա՛ր, գրիչդ դալա՛ր, հայ մտքի եւ լեզուի կամաւոր մշակ՝ Շաքէ Մանկասարեան:
Գէորգ Պետիկեան