Որո՞ւ կամ ինչի՞ վստահիլ:
Գաղափար ունի՞ք Chat GPT կոչուած կիրարկութեան (application) մասին:
Բայց նախքան անոր մասին խօսիլը, թոյլ տուէք յիշեցնել, թէ ոչ շատ հեռու անցեալին, այսինքն 20-րդ դարու կէսերուն, երբ հայ մամուլը բաւական աշխոյժ էր Սփիւռքի մէջ, եւ տակաւին համացանցային լրատուամիջոցները այնքան տարածուած չէին, մարդիկ ի՜նչ անհամբերութեամբ կը սպասէին թերթերուն, ոչ միայն անոնցմէ լուրեր քաղելու, այլեւ մանաւանդ՝ այդ լուրերուն հանդէպ կարծիք կազմելու եւ կեցուածք ճշդելու համար:
Յետոյ մամուլը եկաւ փոխարինել հեռատեսիլը, սփռելով լուրեր, վերլուծումներ ընելով եւ երբեմն նոյնիսկ կարծիք պարտադրելով – անշուշտ այնպիսի միջոցներով, որոնց մէջ բնաւ երեւելի չէ պարտադրանքը:
Յետոյ եկաւ համացանցը: Սկիզբը լաւ էր, դիւրին, արագ եւ հեշտ միջոց էր աշխարհի չորս անկիւններէն, նոյնիսկ ամէնէն հեռու վայրերէն լուրեր լսելու եւ կարծիքներ ստանալու:
Յետոյ, կամաց-կամաց անդրադարձանք, որ համացանցը այնքան ալ վստահելի միջոց չէ, որովհետեւ հոն իրաւն ու սուտը, ճիշդն ու սխալը նոյնքան համոզիչ ձեւով կը ներկայացուին, դժուարացնելով, շատ դժուարացնելով իրաւը սուտէն զատորոշելը:
Եւ հիմա՝ ա՛յս՝ Chat GPT-ին:
Գաղափար ունի՞ք անոր մասին. ես չունէի. ահա թէ ինչպէ՛ս կը բացատրէ համացանցը այս նորութիւնը.
«Chat GPT-ն AI-ով (Արուեստական Իմաստութիւն) աշխատող լեզուի  կիրարկում մըն է, որ մշակուեր է OpenAI-ի (բաց Արուեստական Իմաստութիւն) կողմէ եւ որ կարողութիւն ունի մարդու մը նման գրութիւն մը ստեղծելու, անցեալի զրոյցներու եւ համաթեքսթերու վրայ հիմնուելով»:
Այս միջոցով է որ վերջերս համալսարանի ուսանողներ իրենց աւարտաճառերը կը գրեն, եւ նեղմասնագիտութեան տէր անձէ մը զատ ոչ ոք կրնայ փաստել, թէ ո՛չ թէ ուսանողը, այլ … կիրարկումը ինք է որ գրեր է ամբողջ աւարտաճառը:
Նոյն այս կիրարկումը կրնայ ամէնէն բարդ հարցումներուն պատասխանել, եւ եթէ հարցնողը չգոհանայ պատասխանով, կրնայ աւելի մանրամասն հարցում ուղղել, եւ կիրարկումը, հնազանդ աշակերտի նման կը պատասխանէ այդ եւ յաջորդաբար եկող որեւէ հարցումի, որեւէ նիւթի շուրջ, նոյնիսկ անսպասելի կամուրջներով իրարու առնչելով ամբողջովին անկապ նիւթեր:
Երկու ընկերներ կը զրուցեն.
– Ի՞նչ է այս Chat GPT ըսուածը:
– Օ՜, շատ հաճելի ծրագիր մըն է. ես անով բանաստեղծութիւն կը գրեմ:
– Իրա՞ւ,- կը զարմանայ եւ քիչ մըն ալ կը նեղանայ խօսակիցը գրական այս «խանդավառութեան» ի տես:
– Այո՛, բանաստեղծութիւններ կը գրեմ եւ կը ղրկեմ իմ մտերիմ բարեկամին, որ խորհրդական մըն է. մարդը իրապէ՛ս համոզուած է որ ես կը գրեմ այդ քերթուածները:
Գիտութեան նուաճում մը անշուշտ. «Մէրդ մեռնի, գիտութի՛ւն», պիտի ըսէր հայաստանցին:
Բայց … Եթէ այս այսպէս է, որո՞ւ վստահիլ ուրեմն ասկէ ետք. ո՛չ հեռատեսիլէն լսուածը, ո՛չ համացանցէն իմացուածը, ո՛չ իսկ թերթերուն մէջ գրուածը կրնայ վաւերական ըլլալ, ճշմարիտ ըլլալ:
Chat GPT-ի օգտագործումը՝ հարցերուն պատասխանելու, բովանդակութիւն ստեղծելու, կանոնաւորող (code) ծրագիրներ եւ այլ սովորական առաջադրանքներ կատարելու համար, ընդհանուր առմամբ անվտանգ է, եթէ ուշադրութիւն դարձնէք ձեր տարածած տեղեկատուութեան: Այս կիրարկումին ետեւ կեցող ընկերութիւնը՝ OpenAI-ը՝ անվտանգութեան բազմաթիւ միջոցներ կ’օգտագործէ, զայն ճիշդ օգտագործելու եւ անկէ ծնած կամ ծնելիք վտանգները նուազագոյնի իջեցնելու համար: Այսպէս կ’ըսէ կիրարկումը ինք, երբ այդ մասին հարցում տաս իրեն: Կարելի՞ է վստահիլ սակայն կիրարկումի մը, որուն գլխաւոր առաջադրութիւնը մարդկային ուղեղը կապկելն է: Թէ՞ արդեօք հարցումը սխալ կը ձեւակերպեմ:
Ինչպէս այլ կիրարկումներ, Chat GPT-ն եւս սկսած է զարգանալ եւ հիմա արդէն կրնայ ինքնուրոյն ձեւով (կարելի՞ է հասկնալ՝ ինքնագլուխ) գրութիւն, պատկերներ, ձայներ, ծրագրային ապահովում եւ այլ թուային միջոցներ (media) արտադրել:
– Յեղափոխական նուաճում մըն է ասիկա գիտութեան մէջ, բայց … կարելի չէ անոր 100% վստահիլ. շատ զգոյշ ըլլալու է, որովհետեւ տեղեկութիւնները որոնք կու տայ, ճիշդ կը հնչեն, բայց թէ՛ ընդհանուրին, թէ՛ մանրամասնութեան մէջ կրնան ճիշդ չըլլալ,- կ’ըսէ մասնագէտ մը:
«Ճիշդ կը հնչեն» խօսքը շատ զիլ կը հնչէ ականջիս, ցաւցնելու չափ զիլ, թէեւ պարզօրէն ըսուած է, եւ կը խտացնէ այս դարուն մեծագոյն թերութիւնը, որ կրնայ նաեւ որպէս յատկութիւն երեւիլ. որովհետեւ այսօր ոչ ոք պատրաստակամ է հարցերուն եւ երեւոյթներուն խորքը հասնելու, խորքայինը նկատի առնելու. գրեթէ ամէն մարդ կը գոհանայ երեւութականով եւ իր ըսելիք-ընելիք-գրելիքը կը հիմնէ անոր վրայ …
Լաւը այն է, որ երբ կը հարցնես նոյն ինքն այս կիրարկումին, թէ ի՞նչ են իր յատկութիւններն ու թերութիւնները, ինք ամենայն անկեղծութեամբ կը պատասխանէ.
«- Ժամանակի խնայողութիւն.
-Կը յուշէ այն, ինչ որ հարկաւոր է բան մը սկսելու համար …
-Գրաւոր օգնութիւն.
-Գրելու հետ կապուած բոլոր հարցերուն Chat GPT-ն կրնայ պատասխան տալ.
-Ուսուցում + կատարելագործում.
-Չափէն աւելի վստահութիւն.
-Կը սահմանափակէ ստեղծագործութիւնը.
-Բանագողութիւն»։
Այլ հարցում մը ինքզինք կը զգացնէ՝ ի՞նչ է առնչութիւնը ասոր եւ Արհեստական Իմաստութեան (Artificial Intelligence), եթէ ընդհանրապէս առնչութիւն կայ:
Նոամ Չոմսքի, հրեայ-ամերիկացի լեզուաբանը, որ նաեւ հիմնադիրներէն մէկն է ճանաչողական գիտութիւններու, քաղաքական աշխոյժ քաղաքագէտ մըն է, ընկերային քննադատ մը եւ ընդդիմադիր՝ Իսրայէլի պաղեստինեան քաղաքականութեան, կ’ըսէ.
«Մարդուն ուղեղը ChatGPT-ի եւ մնացեալ գործիքներուն նման չէ, որ կրնայ տեղեկատուական հարիւրաւոր թէրապայթ կուլ տալ, ամէնէն տրամաբանական պատասխանը տալու համար գիտական հարցումի մը»:
«Ճիշդ հակառակը՝ մարդկային ուղեղը արդիւնաւէտ եւ նուրբ  համակարգ մըն է, որ կրնայ սահմանափակ տուեալներով ալ բանիլ»:
«Հետեւաբար, կ’ըսէ հեղինակը, պէտք է դադրինք Արուեստական Իմաստութիւն կոչելէ այս կիրարկումը, եւ անոր
տանք իր ճշգրիտ ըրածին անունը՝ «բանագողական ծրագիր», որովհետեւ այդ ծրագիրը ոչինչ կը ստեղծէ, պարզապէս կ’ընդօրինակէ արուեստագէտներու գործերը եւ կը ձեւափոխէ զանոնք այնքան եւ այնպէս, որ կարելի ըլլայ խուսափիլ իրաւունքներու կանոններէն: Այս ծրագիրը եւրոպացիներուն Ամերիկայի գրաւումէն ետք մտային սեփականութեան մեծագոյն գողութիւնն է» (Noam Chomsky, New York Times – 8. March 2023):
Անշուշտ Չոմսքիի ձայնը հազիւ թէ կը լսուի համաշխարհային «խանդավառութեան» եւ թոհուբոհին մէջ: Մարդիկ կը շարունակեն սքանչանալ նման ծրագիրներով եւ օգտագործել զանոնք, առանց անդրադառնալու շատ էական խնդիրի մը՝ վստահութեան …
Պահ մը կը թուի, թէ բոլորս ալ խաղալիքներ ենք այս ծրագիրներուն ճանկը ինկած:
Այս բոլորը գիտնալէ ետք՝ որո՞ւ վստահիլ:
Մարուշ Երամեան