Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, միացեալ նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջեկեղեցական Խորհուրդին եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին, կայացաւ միջեկեղեցական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպում մը յիշեալ դպրեվանքի յարկին տակ։ Ներկայ էին թէ՛ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ թէ Խորհուրդի գործունէութեան իրենց հետեւողական մասնակցութիւնը բերած ամերիկաբնակ հոգեւորականներ ու համալսարանական դասախօսներ։

Նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետին երկա՜ր տարիներու փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական աշխարհին մէջ, ան հրաւիրուած էր իր տեսակէտները եւ պատկերացումները յայտնելու։

Նորին Սրբութիւնը հինգ կէտերու մէջ պարզեց միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները.- անհատակեդրոն շարժումէն դէպի եկեղեցակեդրոն շարժում. ուղղափառ եկեղեցիներու մտահոգութիւնները դէպի աշխարհայնացում ուղղուող միջ-եկեղեցական շարժումին նկատմամբ. բազմակողմանի գործակցութեան նահանջը երկկողմանի գործակցութեան դիմաց. աստուածաբանական երկխօսութեան տիրապետող ներկայութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ. եկեղեցւոյ միութեան լուսանցքայնացումը ըկերաբարոյական խնդիրներու հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան դիմաց։

Յիշեալ հարցերուն գծով Հայրապետը տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ ու միաժամանակ կատարեց վերլուծումներ։ Ապա, ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Ներկաները ճաշի հիւերը եղան Ամերիկայի Միջ-եկեղեցական Խորհուրդին եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին։