«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան, նշելով, որ պարբերաբար հանդիպած են Արցախի նախագահին ըսաւ.
«Երբ մենք պատգամաւորներով հանդիպած էինք նախագահին եւ հարցուցած էինք՝ ինչ նորութիւններ կան մեր գերեվարուած բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն, ըսաւ, որ բնական է, խօսած է: Անոնք այնտեղէն ըսած են, որ իրենց առողջական վիճակը բնական է, խոշտանգումներու չեն ենթարկուած », –
Արդեօ՞ք Շահրամանեան անոնց հետ կապ հաստատած է, թէ արցախցի պաշտօնեաները այնտեղէն միջնորդութեամբ զանգած է, պատգամաւորը մանրամասնութիւններուն չէր տիրապետեր։