Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելեան Գիտութիւններու ճիւղի Արաբական Ուսումնասիրութիւններու բաժինին հետ գործակցաբար, Հայաստանի մէջ Սուրիական Դեսպանատունը ուսանողական մշակութային ձեռնարկ մը կազմակերպեց՝ սուրիացի մեծ բանաստեղծ, հանգուցեալ Նիզար Քապպանիի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։

Արեւելեան գիտութիւններու Համալսարանի սուրիական սրահէն ներս տեղի ունեցած այս ձեռնարկին, դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Ուսումնասիրութիւններու բաժինի դասաւանդող կազմին եւ ուսանողներուն, որոնք Քապպանիի կարգ մը բանաստեղծութիւններու հայերէնի թարգմանութիւնը կատարեցին։ Ան անդրադարձաւ Նիզար Քապպանիի բանաստեղծութիւններու կարեւորութեան, ապա յայտնեց, թէ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը այս առիթով հանդիսութիւններ կը կազմակերպէ սուրիական տարբեր նահանգներուն մէջ։
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Իյատ Մուրշէտի Նիզար Քապպանիին մասին պատրաստած տեսերիզը եւ հրատարակած գիրքը։

Այնուհետեւ, ուսանողները ասմունքեցին Քապպանիի հայերէնի թարգմանուած բանաստեղծութիւններէն։