Զաքար Քէշիշեան․ «Այսօր մեր սեւեռակէտը կը շարունակէ մնալ արցախահայութեան դժնի ճակատագիրը, լծուած ենք իրենց հայրենիքին մէջ իսկ տարագիր մեր արիւնակիցներուն թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին»

Սովորական միութեան մը հիմնադրութեան 95-ամեակը չէ, այլ Համազգային գործունէութիւն ծաւալող միութեան մը, որուն 95-ամեայ մշակութային գործունէութեան յիշատակումը խորիմաստ պատգամներ եւ առաջադրանքներ կը պարփակէր իր մէջ՝ յանուն հայ ժողովուրդի, յատկապէս սփիւռքահայութեան մշակութային դիմագիծի պահպանման։

Արդարեւ, Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս յոբելենական հանդիսութեամբ արժանաւորապէս յիշատակուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, Ազգ. Վարչութեան անդամներու, Պատկան Մարմինին, Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, մարզական միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական մշակներու, մշակութասէր հանրութեան եւ համազգայնականներու:

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն։
Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան ատենադպրուհի Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան , որ բացման հայերէն խօսքով յատկապէս շեշտեց, որ «1928-ին, Համազգայինի հիմնադիրները միութեան ծննդոցը յայտարարելով հայկական գոյն տուին մեր կեանքին եւ յստակօրէն նշեցին այն նշաձողերը, որոնք պիտի երաշխաւորեն աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս անոր նոր սերունդներուն հայեցի կրթութիւնը, մշակութային ճաշակի կերտումը եւ հայկական մեր արմատներուն հետ մշտական առնչութիւնը։ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշկթ.Միութիւնը, իր համաշխարհային ցանցով, մեր դիմագիծի պահպանման կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացաւ հայ կեանքին մէջ։ Այսօր,95 տարի ետք, մեր աչքին առջեւ ունենալով Համազգայինի համահայկական գործունէութիւնը, նաեւ Սուրիոյ շրջանի գործունէութիւնը, եւ անոնց իբրեւ արդիւնք Համազգայինի ցանած սերմերու ծաղկումը` կը խոնարհինք Համազգայինի հիմնադիրներուն, անոնց գործը շարունակող մշակութային գործիչներուն, հազարաւոր նուիրեալներուն եւ Սուրիոյ շրջանի մշակութային կեանքը բազում զոհողութիւններով պահպանող վաստակաւոր համազգայնականներուն դիմաց։ Համազգայինի Սուրիոյ շրջանը իր հինգ մասնաճիւղերով եւ չորս միաւորներով, երկրի ծանր պայմաններուն մէջ անգամ շարունակեց յառաջ տանիլ մշակութային իր առաքելութիւնը»։
Արաբերէն բացման խօսքով Համազգայինի թատերական միաւորի վարչութեան անդամ Սագօ Պալապանեան լուսարձակի տակ առնելով մշակութային գրոծիչները, մշակոյթի պահապանները ըսաւ․ «Դուք կը ներկայացնէք քաղաքակրթութիւնը, կը ծանօթացնենք զայն ընկերութեան ու կը կերտէք մարդը մշակութային արժէքներուն ընդմէջէն»։ Ապա մեծարեց այն ազգերը, որոնք իրենց արուեստները կամուրջի վերածած են ու ոչ միայն անոնցմով կ՞արտայայտեն իրենց ժողովուրդին մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը, այլեւ մշակոյթին ընդմէջէն կը փարին իրենց արմատներուն, կը զօրանան ու դիմադրական ուժ կը կուտակեն։ Ապա դիտել տուաւ որ հայ մշակոյթը կը շարունակէ կամուրջներ նետել դէպի աշխարհի տարբեր մշակոյթներ, որովհետեւ կը հաւատայ որ մշակոյթը ոչ միայն ժողովուրդի մը դիմագիծն է, այլեւ կը նպատսէ մարդկային կեանքի հարստացման, գունաւորման եւ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան, որովհետեւ մշակոյթը սէր ու փոխադարձ ճանաչում, հասկացողութիւն է նաեւ։
Պալապանեան նկատել տուաւ, որ մենք որպէս մշակութասէր, հայրենասէր ու դատ ունեցող ազգ կառչեցանք սուրիական հայրենիքին, ծաղկեցուցինք մեր մշակոյթը ու պահպահեցինք զայն նոյնիսկ պատերազմական պայմաններու մէջ, շնորհիւ սուրիական բանակին եւ երկրի մշակութասէր ղեկավար Պաշշար ալ-Ասատի զօրակցութեան։ Եզրափակելով ան յորդորեց համախմբուիլ միութեան նպատակին շուրջ եւ միասնաբար պահպանել տարիներու աշխատանքով նուաճուած Համազգայինի Սուրիոյ շրջանի ձեռքբերումները՝ արուեստի ու գրականութեան տարբեր ճիւղերու պանծացման նպաստելով։
Հանդիսութեան յայտագրին առաջին բաժինը կ`ընդգրկէր տեսերիզի ցուցադրութիւն մը , նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան «Լ.Շանթ» թատերական միաւորին։ «Արմատներուն Կանչը» խորագիրը կրող գեղարուեստական տեսագրութեան նիւթն էր Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակը, հիմնադիրներուն տեսլականը, ինչպէս նաեւ մշակոյթին դերը սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ՝ անոնց մէջ վառ պահելու հայոց լեզուի, դպրութեան, արուեստներու ու մանաւանդ Հայաստանի հանդէպ սէրը եւ Համազգայինին ջահը փոխանցելու սերունդէ սերունդ։

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ “Զուարթնոց” երգչախումբին ելոյթով։ Երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց «Կռունկ»,«Ազգ փառապանծ» եւ «Պիտ Պաշտպանեմ» երգերը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։ Որմէ ետք տեղի ունեցաւ ասմունքի, երգեցողութեան ու նուագի տպաւորիչ համադրում մը կատարողութեամբ՝ Աննա Պետրոսեանի եւ Արա Մութաֆեանի (ասմունք), երգի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կալին Պալապանեանի, Մեղեդի Փամպուքեանի եւ դաշնակահար Ռուզան Պարսումեանի։
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան։ Ան անդրադարձ մը կատարելէ ետք Համազգայինի հիմնադրութիւնը ըսաւ, որ մարգարէատիպ լուսաւոր այրեր էին հիմնադիրները, որոնք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պետական նշանաւոր գործիչներ եղած էին ու Հայաստանի խորհրդայնացումէն ու Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Եգիպտոսի մէջ, հաւաքուելով ու կանխատեսելով սփիւռքահայութեան ուծացումի վտանզը, ստեղծեցին նախ կրթական ու հրստարակչական այնուհետեւ մշակութային այնպիսի միութիւն մը, որ հայրենիքէն հեռու իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին,սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողացաւ հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն կամրջուած պահեց։

Ապա ակնարկ մը նետելով Համազգայինի 19 շրջաններու մէջ ծաւալած գործունէութեան վրայ նշեց․ որ Համազգայինի հայ կրթական մշակոյթի հիմնադրութեան յոբելինական այս հանդիսութիւնը կը կատարենք հայութեան համար ամէնէն դժնդակ օրերուն, Արցախը կորսնցուցսծ ենք արդ, տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը։ Վտանգի տակ է Սփիւռքին մէջ հայրենիքին համար ու հայրենական հեռանկարով ապրելու մեր գոյերթին գաղափարական իմաստը։ Միւս կողմէ Սփիւռքը մաշումի մէջ է։ Այս բոլորին լոյսին տակ ան ողջունեց հայ կեանքին մէջ քաղաքական ու գաղափարական տարբեր դրօշներու տակ գործող, սակայն հայապահպանման նոյն առաքելութեան տէր Նոր Սերունդ, Թէքէեան մշակութային միութիւններն ու ՀԲԸՄ-ը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ մեծ ընտանիքը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչն ու ՀՄԸՄ-ը եւ եզրափակելով ըսաւ, որ այսօր մեր կիզակէտը արցախահայութիւնն է, Համազգայինի Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ գրասենեակները լծուած են արցախահայութեան թեւ ու թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին։
Հուսկ բանախօսը յորդորեց միութեան 95-ամեակին առիթով վերարժեւորել անցեալը, քննել ներկայ մարտահրաւէրներն ու ուրուագծել ապագան։

Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Բ․ համարով։
Այնուհետեւ հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Նազ Պար» եւ «Ծաղկեփունջ» պարերով, կատարողութեամբ Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբին, գեղ․ ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ՝ Լիլիթ Նալպատեանի եւ Ալիսա Լախոյեանի։ Պարերուն յաջորդեց նուագ՝ Քէօսէեանի «Քոնչեթինօ», Կոմիտասի «Ալ Այլուղս» եւ Մելիքեանի «Կլոր Պար» ստեղծագործութիւնները կատարեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորէն՝ Տեսիլ Սարեան (ջութակ), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Գեղարուեստական յայտագիիը վերջ գտաւ Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի «Աիցախը Իմ Տունն Է» պարով։

Աւարտին, հանդիսավարը ընթերցեց Համազգայինի վաստակաւոր անդամ ընկհ.Հռիփ Սահակեան-Կանանեանի համառօտ կենսագրութիւնը , անդրադարձաւ ընկերուհիին երկարատեւ տարիներու հսկայ աշխատանքին եւ ծառայութեան՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային ընտանիքէն ներս։ Ապա տեղի ունեցաւ Հռիփ Կանանեանի պարգեւատրումը Համազգայինի Կեդր․ Վարչութեան կողմէ՝ Համազգայինի շքանշանով, ձեռամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար սրբազանին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանին։

Այս առիթով Կանանեան իր սրտին խօսքը ուղղելով ցնծութեամբ ողջունեց Համազգայինը իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, դիտել տալով որ ան դուրս կուգայ ընթացիկ միութիւն մը ըլլալու հանգամանքէն եւ բոլոր գաղութներուն մէջ մեր ժողովուրդը հաղորդակից կը դարձնէ հայ մշակոյթին եւ անոր հարուստ արժէքներուն։ «Համազգայինի 95-ամեայ երթին առիթով յարգանքով եւ հպարտութեամբ կը խոնարհինք հիմնադիրներու յիշատակին առջեւ։ Անոնց նպատակը եղաւ ճիւղաւորել եւ բազմապատկել Համազգայինի առաքելական գործունէութիւնը՝ ծանօթացնելու հայ մշակոյթը իր զանազան երէսներով, տէր կանգնելու մեր ժողովուրդի կրթական եւ մշակութային լաւագոյն աւանդներուն, թիկունք ունենալով մեր ազգայինները, քաղաքական գործիչները եւ յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը», շեշտեց Կանանեան, ապա եզրափակելով ըսաւ որ մեծարանքի այս գնահատականը կ`երթայ Համազգայինի պանծացման իրենց ներդրումը բերած բոլոր համազգայնականներուն եւ յատկապէս Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան մաս կազմած ընկեր ընկերուհիերուն, որոնք հակառակ ժամանակի դժուարութիւններուն փորձեցին իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ դրոշմել հայ մշակոյթին հանդէպ սէրը, իբրեւ անխախտ երաշխիք Համազգսյինի յարատեւութեան։

Կանանեան իր խօսքը եզրափակեց Համազգայինի Սուրիոյ շրջանի հիմնադիր Ն.Աղբալեանի հետեւեալ խօսքով․ «Ամէնէն առաջ եւ ամէնէն վեր մեր փոքրիկներուն պէտք է սսրվեցնենք հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ հայ դատի յաղթանակին նկատմամբ»։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ.Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշքարեան։ Մակար սրբազան ըսաւ, որ Համազգայինը իրեն համար եղած է ու կը մնայ փոքր Հայաստան մը իր ողջ էութեամբ։
«Հանդիսութեան յայտագիրին ընդմէջէն կը ցայտար հայու հոգին, հայու երազը,հայու տենչը, ազատութեան ու անկախութեան ոգին, պայքարի տրամադրութիւնը եւ միշտ դժուարութեան, նեղութեան, տառապանքի, հալածանքի ճնշումներէ ետք, ոտքի կանգնելու եւ դէպի վեր սաւառնելու կամքը։ Համազգայինը 95 տարուան ընթացքին իր հիմնադիրներուն ճամբով փորձած է այս մէկը իրականացնել եւ երազը գործի ու կեանքի վերածած․ փաստը այս ձեռնարկն է, այս բեմը մշակոյթով զարդարող այս երիտասարդներն են», ըսաւ սրբազան հայրը ու շնորհաւորեց Համազգայինի մեծ ընտանիքը իր 95-ամեայ յոբելեանի առիթով, շեշտելով որ Համազգայինի առաքելութիւնը տալ էր այն՝ ինչ որ անհրաժեշտ էր հայուն, հայակերտման, ազգապահպանման, մշակոյթի ծաղկեցման, եկեղեցւոյ, ազգային արժէքներուն համար։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Գարօլին Քիւրքլեան