Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տուպայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլ Ֆաթահ աս-Սիսիի հետ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 28-րդ համաժողովի շրջագիծէն ներս։
Հայկական կողմէն հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարար Յակոբ Սիմիտեան։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 28-րդ համաժողովը տեղի կ’ունենայ 30 Նոյեմբերէն 12 Դեկտեմբերին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ։ Աւելի քան 70.000 պատուիրակներ կը մասնակցին COP28-ին, ներառեալ Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային միութեան (UNFCCC) անդամ երկիրները:
Մասնակիցներուն մէջ են նաեւ առեւտուրի առաջնորդներ, կլիմայագէտներ, լրագրողներ, տարբեր փորձագէտներ եւ շահագրգիռ կողմեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը համաժողովին ելոյթով հանդէս եկաւ՝ ընդգծելով, որ կլիմայի փոփոխութիւնը կը շարունակէ մնալ համաշխարհային գլխաւոր հարցը: