Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան օրէնսդրական նախագիծին, որով կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Արցախը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, ժխտելը:

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն` նախագիծին կողմ քուէարկեց 3, դէմ` 7 պատգամաւոր: Նախագիծը Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնախումբին մէջ ներկայացուց «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը:

11 Հոկտեմբերին «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը Ազգային ժողով մուտքագրած էր օրինագիծը, որով կ՛առաջարկուի Քրէական օրէնսգիրքին մէջ կատարել հետեւեալ լրացումը. «Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը կամ անոր վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը կը պատժուի ազատազրկումով 10-18 տարի ժամկէտով»: