Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին 60-րդ օրը, Իսրայէլ կը շարունակէ ոճիրներ գործել ժողովուրդին դէմ եւ հրթիռակոծման ենթարկել բնակարաններ եւ հիւանդանոցներ։
«Ուաֆա» լրատու գործակալութեան համաձայն, իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծած են Շէխ Ռատուանի մէջ բնակարաններ, Կազզայի «Մաամատանի» հիւանդանոցի շրջակայքը, Ճապալիա շրջանը, Խան Իւնէս, Նըսէրաթ եւ այլ շրջաններ, որոնց հետեւանքով տասնեակ քաղաքացիներ նահատակուեցան, քանդուեցաւ մզկիթ մը եւ բազմաթիւ բնակարաններ։
Իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծեցին նաեւ Խան Իւնէսի «Տար ալ-Սալամ» հիւանդանոցի շրջակայքը: Հիւանդանոցէն ներս գտնուող բժշկական կազմն ու հիւանդները կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան՝ փրկելու զիրենք ահաւոր վտանգէն։
7 Հոկտեմբերէն ի վեր՝ Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհի առաջին օրէն մինչեւ օրս, նահատակներուն թիւը հասած է 15. 900-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ աւելի քան 42.000-ի։