ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը Դամասկոսի մէջ 34 – 67 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Սաուրայէն:
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, Լաթաքիոյ Թշրինը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դրացի Հթթինը, իսկ Ճէյշը նոյն արդիւնքով յաղթեց Ճապլէին: Դամասկոսի Ուահտէն իր առաջին յաղթանակը արձանագրելով պարտութեան մատնեց Ուասպէն, իսկ Քարամէն 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Թալիաաին: Հալէպի Հուրիէն շարունակելով իր ձախողութիւնները անգամ մը եւս պարտութիւն արձանագրեց՝ այս անգամ Ֆըթուէի կազմէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ԿԱԶՄԸ ՌԻԱՏԻՆ ՅԱՂԹԵՑ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 6-րդ փուլի մրցումներուն,  Մանարայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պատմական յաղթանակ մը արձանագրելով պարտութեան մատնեցին  ախոյեան Ռիատը: Յաւելեալ երկու երկարաձգումէ ետք, ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրցան տիրապետել խաղի արդիւնքին:  Առաջին վայրկեանէն իսկ խաղարկութեան մակարդակը եղաւ բարձր, եւ յաղթական արդիւնքը փոխն ի փոխ փոխանցուեցաւ խումբերուն միջեւ:
Երրորդ կիսախաղին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի լաւ խաղարկութեամբ  կրցան խիտ պահել իրենց պաշտպանողական դիրքը եւ որոշ  ժամանակ յաջողեցան կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել 5-ի: Մրցումը երկու երկարաձգումներով դարձաւ աւելի հետաքրքրական, երբ երկու խումբերէն խաղացողներ հինգ ֆաուլերու պատճառով արդէն դուրս մնացած էին խաղէն: ՀՄԸՄ-ի խաղացող Ուոլթըր Հոճ դարձաւ վերջին վայրկեաններու աստղը, երբ կրցաւ մուտք գործել մրցակիցի սահմաններ եւ յաղթանակի կէտը պարգեւել ՀՄԸՄ-ին:
ԵՒՐՕ-2024. ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ
Անցեալ շաբթուան աւարտին տեղի ունեցաւ ֆութպոլի Եւրօ-2024-ի եզրափակիչ փուլի վիճակահանութիւնը: Վերջին երեք մասնակիցները կը յստականան գարնան կայանալիք «Փլէյ-օֆֆ»-ի ընթացքին:
Ա. խումբ. Գերմանիա, Շոտլանդիա, Հունգարիա, Զուիցերիա
Բ. խումբ. Սպանիա, Խրվաթիա, Իտալիա, Ալպանիա
Գ. խումբ. Սլովենիա, Դանիա, Սերպիա, Անգլիա
Դ. խումբ. «Փլէյ-օֆֆ»-ի A-ի արդիւնքով (Ուէլզ /Ֆինլանտիա – Լեհաստան/Էսթոնիա) յաղթող, Հոլանտա, Աւստրիա, Ֆրանսա
Ե. խումբ. Պելճիքա, Սլովաքիա, Ռոմանիա, «Փլէյ-օֆֆ» B-ի արդիւնքով (Պոսնիա եւ Հերցեգովինա /Ուքրանիա):          Զ. խումբ. Թուրքիա, «Փլէյ-օֆֆ» C-ի արդիւնքով (Վրաստան/Լիւքսեմպուրկ – Յունաստան/Ղազախստան) յաղթող,  Փորթուկալ, Չեխիա Եւրօ-2024-ը տեղի պիտի ունենայ  2024-ի 14 Յունիսէն 14 Յուլիս, Գերմանիոյ 10 քաղաքներու մէջ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան