ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց խումբի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի կազմը հերթական երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով Համայի մէջ 75 – 64 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թալիաան: Աւելցնենք, որ ՀՄԸՄ իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց Հըթթինին դէմ, կանոնագրային կարգով 20 – 0 արդիւնքով՝ մրցակից կազմին բացակայ ըլլալուն համար: Նոյն խմբակէն ՀԵԸ-ի խումբը Լաթաքիոյ մէջ պարտութեան մատնուեցաւ Հըթթինէն 87 – 90 արդիւնքով:
– Սուրիոյ պասքեթի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի աղ-ջկանց խումբը արձանագրեց զոյգ պարտութիւններ. Առաջինը եղաւ նախկին տարուան ախոյեան Սաուրայէն 67 – 34 արդիւնքով, իսկ երկրորդը դարձեալ Դամասկոսի մէջ՝ Պարատայէն 54 – 47 արդիւնքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՏԻԳՐԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ՝ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Երեւանի «Միկա» մարզադահլիճին մէջ ընթացող բռնցքամարտի աւագ տարիքի պատանիներու աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչ  վերջին մարտերը տեղի  ունեցան: Առաջին երեքին հանդէս եկան Հայաստանի պա-տուիրակները: Տղոց 46 քկ.ծանրութեան կարգին Առնօ Դարչինեան պարտուեցաւ ռուս Իսլամ Մագոմեդովիի դէմ՝ գրաւելով 2-րդ տեղը: Աղջկանց 48 քկ. Ծանրութեան կարգին Հեղինէ Պետրոսեան յաղթեց հնդիկ Պայալ Պայալին: Տղոց 50 քկ. ծանրութեան կարգի հայ բռնցքամարտիկ Տիգրան Յովսէփեանը 5:0 արդիւնքով  յաղթեց պուլկարացի Անկէլ Եանկով Տիմիթրովին եւ ճանչցուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՀԱԼԱՆՏԻ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Պէպ Կուարտիոլան խօսեցաւ խումբի յարձակող Էրլինկ Հալանտի՝ Փրեմիէր լիկի 16-րդ փուլի «Լութոնի» խաղի յայտացուցակէն դուրս մնալու մասին: «Ան ոտքի ոսկորի ցաւ  ունի: Ասթոն Վիլլայի դէմ խաղէն ետք, որ աւարտեցաւ 1 – 0 արդիւնքով, ուժեղ ցաւ զգաց, եւ այդ պատճառով հնարաւոր չեղաւ անոր մասնակցութիւնը այս խաղին», ըսաւ սպանացի մասնագէտը:  «Էրլինկ անգլիական ակումբ տեղափոխուելէն ետք դարձաւ շատ կարեւոր խաղացող: Բայց քանի որ մրցաշրջանը զարգանալու մէջ է, մենք նման իրավիճակներէն պէտք է խուսափինք՝ Վնասուածքներ, որակազրկումներ եւ այլ խնդիրներ։ Մենք պէտք է համակերպինք», Կուարտիոլայի խօսքերը մէջբերեց  BBC-ն: Այս մրցաշրջանին 23-ամեայ նորվեկիացին բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մաս կազմած է 22 հանդիպումի, դարձած՝ 19 կոլի եւ 5 կոլային փոխանցման հեղինակ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան