Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը միացեալ յայտարարութիւն տարածած են:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն, յայտարարութեան մէջ յիշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ շրջանին մէջ երկար ատենէ ի վեր սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ: Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու յարգումին հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման հասնելու իրենց մտադրութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններու հիման վրայ համաձայնութիւն գոյացած է երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման գծով շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու մասին:

Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ կ՛արձակէ 32 հայ զինուորական ծառայողներ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հերթին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ՛արձակէ 2 ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներ:

Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային ուխտի Մասնակիցներու համագումարի 29-րդ նստաշրջանը («ՔՈՓ 29») հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՛աջակցին հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին: Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «ՔՈՓ»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ ձեռնարկներ մօտ ապագային կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային հանրութեան` աջակցելու իրենց ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հարաւային Կովկասի ամբողջ շրջանին համար»: