Պաքուն կը պատրաստուի Ստեփանակերտի մարզադաշտին մէջ ֆութպոլային հանդիպում իրականացնել։ «Ղարաբաղ» եւ MOIK ֆութպոլային ակումբները Ատրպէյճանի ֆութպոլի բաժակի 1/8 եզրափակիչ խաղը Ստեփանակերտի մէջ պիտի կատարեն 21 Դեկտեմբերին։
Այդ առնչութեամբ արդէն որոշուած է նոյն օրը երկարաձգել Պաքուի մեթրոյի աշխատանքի ժամերը, որպէսզի այնտեղ մեկնողները կարենան խաղէն վերջ վերադառնալ ու մեթրոյով տուն հասնիլ, իսկ Ստեփանակերտ երթալու համար հանրակարգեր պիտի տրամադրուին։