13 Դեկտեմբերի 13-ի առաւօտեան հայ-ատդպէյճանական սահմանին՝ Իջեւանի և Ղազախի շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենայ հինգ օր առաջ յայտարարուած ռազմագերիներու փոխանակումը։ Այս մասին ատրպէյճանական Turan գործակալութիւնը տեղեկացած է իրազեկ աղբիւրներէ։

Կը սպասուի, որ Ատրպէյճան ազատ արձակէ 32 հայ զինուոր, իսկ Հայաստան՝ երկու ատրպէյճանցի զինուոր։

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստան տեղափոխուելիք 32 անձերէն 26-ը ձերբակալուած են 2020-ի Դեկտեմբերին բռնագրաւուած Հադրութի շրջանին մէջ, իսկ մնացած 6-ը տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին ձերբակալուած են սահմանին։

Ինչ կը վերաբերի ազատ արձակուելիք երկու ատրպէյճանցիներուն, անոնք ձերբակալուած էին Սիւնիքի մէջ։ Անոնք Հայաստանի պետական սահմանը հատած զինուորական ծառայողներ Ագշին Գաբիլի Բաբիրովն ու Հուսէյն Ահլիմանի Ախունթովն են։ Վերջինը Զանգեզուրի պղնձագործարանի աշխատակիցը սպանած և դատապարտուած էր ցմահ ազատազրկման: