Համազգայինի 95-ամեակի յոբելենական Հալէպի հանդիսութեան ներկայ էին Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան երեք անդամներ, երկուքը՝ յատուկ այս առիթով ժամանած էին Լիբանանէն։ «Գանձասար» այս պատեհութիւնը օգտագործելով մտերմիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ, երաժշտագէտ Զաքար Քէշիշեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.
«Գանձասար»- Մշակոյթը երկրի ծանր պայմաններուն մէջ անգամ յոյսի շողը, ստեղծագործելու կայծը վառ կը պահէ մեր կեանքին մէջ ընդհանրապէս: Համազգայինի 95-ամեակը առիթ է վերաշխուժացնելու մեր աշխատանքներն ու նոր թափ տալու անոնց, յատկապէս կաշկանդիչ մեր պայմաններուն տակ: Կեդրոնական Վարչութիւնը Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւններ առաջնահերթութիւն համարեց:
Զաքար Քէշիշեան- Թէեւ ամեակները իրենց հետ նորութիւն չունին, բայց մարդիկ կամ միութիւններն են, որոնք նորութիւններ կը բերեն իրենց գաղութներէն ներս: Համազգայինի 95-ամեակը առիթ ընծայեց յիշատակելու ու վերատեսութեան ենթարկելու ցարդ կատարուածը եւ ուրուագծելու ապագան:
Այս առումով Համազգայինի 19 շրջաններէն իւրաքանչիւրը իւրայատուկ ձեւով տարուան ընթացքին յիշատակեց Համազգայինի ծննդեան 95-ամեակը: Հալէպի մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը, իսկ աւելի ուշ պիտի կազմակերպուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ: Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Յոբելենական Մայր ձեռնարկի վայրը շատ խորհրդանշական էր, որովհետեւ տեղի ունեցաւ այժմու Աբովեան փողոցի հրապարակին մօտ գտնուող «Առնօ Բաբաջանեան» դահլիճին մէջ: Այդ փողոցով էր, որ մեր միութեան հիմնադիրները դէպի խորհրդարան եւ կառավարութեան շէնք կ’երթեւեկէին, հոն կը զբօսնէին եւ կը խորհրդակցէին, այլ խօսքով՝ անոնց սիրած ու ապրած վայրը եղած էր այնտեղ:
Երկրորդ ձեռնարկը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած հայրենի եւ սփիւռքահայ գեղանկարիչներու եւ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսն էր: Երրորդը՝ արցախցի գեղարուեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. Անաւարտ Պատերազմ» պատկերագիրքին շնորհանդէսն էր: Ան գեղարուեստական արժէք եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող աւելի քան հարիւր նկար պարունակող հատոր մըն է, որ կը պատկերէ ամբողջ Քառասնօրեայ պատերազմը, ներկայացուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն, որպէսզի օտարներու մէջ տարածուի ճշմարտութիւնը, պարզուին Արցախի քառասնօրեայ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած բարբարոսութիւնները:
Չորրորդը՝ Համազգայինի վերջին քանի մը հրատարակութիւններուն շնորհանդէսներն էին: Այսպէս՝
Ա. «soaring words» (Ճախրող բառեր) անգլերէն հրատարակութեան, որ հայերէնի թարգմանեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ. Արեւիկ Գաբրիէլեան: Ապա նաեւ Ամերիկայի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի երեք հրատարակութիւններու շնորհանդէսները:
Բ. «Ձայն Արցախական», որ արցախցի գրողներու հատընտիր մըն է: Ծրագրուած է նաեւ յառաջիկային իրականացնել արցախցի բանաստեղծներու հաւաքածոներու հրատարակութիւն մը:
Գ. «Ձայն Հիւսիսային», որ Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վրաստանի հայ գրողներու հատընտիր մըն է:
Դ. «Ձայն Քերթողական», որ մինչեւ քառասուն տարիքի հայրենի երիտասարդ բանաստեղծներու հաւաքածոն է:
Հինգերորդը՝«Բագին» ամսագիրի 60-ամեակին եւ անոր թուայնացման շնորհանդէսի ձեռնարկն էր, որուն ներկայ գտնուեցան խմբագիր Սոնիա Սանան, ինչպէս նաեւ ականաւոր գրաքննադատներ ու գրողներ:
«Բագին» ամսագիրի 60-ամեակը յիշատակուեցաւ նաեւ 8 Դեկտեմբերին, Լիբանան:
Մարտ ամսուն, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ վաւերագրական 20 վայրկեաննոց տեսերիզ մը, որ կ’ընդգրկէր Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի այժմու վիճակը: Հետագային տեսերիզը ցուցադրուեցաւ նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ:
«Գ.»- 95 տարի ետք, Համազգայինը ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ այսօր:
Զ.Ք.- Հիմնադիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր ալ կը մնան անփոփոխ: Արդ, մեր լուսամիտ հայրերը ստեղծեցին այս միութիւնը, որպէսզի Սփիւռքի մէջ հայը հայ ապրի, միշտ առնչակից մնայ իր պատմութեան եւ մշակոյթին ու կրթութեան ճամբով Հայ Դատը արծարծ պահէ: Այսօր կու գանք ըսելու, որ նոյն մարտահրաւէրներն են, այնքան ատեն որ տակաւին մեր ազգային տեսլականին չենք հասած, աւելին. նոր կորուստներ ունինք: Համազգայինի մեկնակէտը, ծրագիրը, հեռանկարը եւ նպատակակէտը կը մնան նոյնը՝ Սփիւռքի տարածքին պայքարիլ ձուլման դէմ, զարգացնել հայ անհատին կապը մշակոյթին հետ եւ ի հարկէ զարգացնել մշակոյթը ինքնին՝ մշակոյթի նոր հորիզոններ բանալով:
«Գ.»- Սուրիոյ Շրջանի Համազգայինի կառոյցներու գծով Կեդրոնական Վարչութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ ունի, նկատի ունենալով, որ յետ պատերազմին եւ երկրաշարժի աղէտին շրջանը տնտեսական ծանր իրավիճակէ կը տառապի, սակայն ունի աշխատունակ մարդուժ:
Զ.Ք.- Պատերազմի ողջ տեւողութեան եւ երկրաշարժի աղէտին ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը մամուլի եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ճամբով իրազեկ էր բոլոր այն դժուարութիւններուն, զորս սուրիահայ գաղութը կը դիմագրաւէր ու կը դիմագրաւէ մինչեւ այսօր: Գալ, հասնիլ այստեղ անհրաժեշտ էր մեզի համար, որպէսզի անձամբ տեսակցէինք տեղւոյն մեր ընկերներուն հետ, ծանօթանայինք անոնց դժուարութիւններուն եւ ինչու չէ յաջողութիւններուն ու նուաճումներուն, որոնց ականատեսը եղանք այս երկու օրուան ընթացքին:
Ուրախալի է հաստատել, որ հակառակ տիրող ճգնաժամին, Համազգայինը ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններ, այսօր աշխուժօրէն կը գործեն: Շրջանային Վարչութեան հետ հանդիպման ընթացքին ծանօթացանք ու քննարկեցինք յառաջիկայ ծրագիրները, զորս համագործակցաբար պիտի իրականացնենք: Արդ, Կեդրոնական Վարչութիւնը գիտակից ու նախանձախնդիր է աղէտի մէջ գործող Լիբանանի եւ Սուրիոյ շրջաններուն գործունէութեան ո՛չ միայն պահպահման, այլեւ՝ զարգացման:
«Գ.»- Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններով կը մեկնիք Հալէպէն:
Զ.Ք.- Հալէպը այնպիսի գաղութ մըն է, որ կառչած է իր ստեղծած արժէքներուն, տէր է անոնց ու գիտակից, որ Սփիւռքի մայր գաղութն է: Երբ Շրջանային Վարչութեան ուղեկցութեամբ այցելեցինք Համազգայինի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոն, մեր մէջ ամրացաւ այն տպաւորութիւնը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Համազգայինը այստեղ հետամուտ է պահպանելու եւ զարգացնելու հայ մշակոյթը:
«Գ.»- Ամէնուր կը խօսուի արեւմտահայերէնի նահանջին մասին, ինչ որ կը թելադրէ լուրջ աշխատանք մեր դպրոցներէն եւ միութիւններէն ներս: Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը օրինակ մըն է արեւմտահայերէնի պահպանման կոչուած: Այս առումով Համազգայինի Կեդր. Վարչութիւնը ընդհանրապէս հայերէնագիտական աշխատանքի ու հայեցի մթնոլորտի պահպանման ինչպիսի՞ դաշտ ունի: Միւս կողմէ, Արցախի կորուսեալ մեր մշակոյթը լուսարձակի տակ պահելու ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կ’օգտագործէ:
Զ.Ք.-Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեան ներքոյ կը գործեն երեք ճեմարաններ, որոնց կողքին կը գործէ «Վահէ Սէթեան» տպարանը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, կ’իրագործուին երիտասարդական ծրագիրներ ինչպէս Ֆորումը, Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքը (Իւթլինքսը):
Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիր ալ ունինք: Անոնք, որոնք կը փափաքին մանկավարժութիւն կամ հայագիտութիւն ուսանիլ, Կեդրոնական Վարչութիւնը յանձն կ’առնէ անոնց կրթաթոշակն ու Հայաստանի մէջ կեցութեան ծախսը, պայմանաւ որ ուսանողը աւարտելէ ետք, որեւէ երկրի մէջ հայոց լեզու ուսուցանէ:
Արդէն ամիսէ մը ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու հետ համագործակցաբար կ’աշխատինք Արցախէն տեղահան եղած մանուկներու ծրագիրի մը իրականացման համար, որ կը միտի մեղմել անոնց հոգեկան ծանր վիճակը եւ օգնել անոնց արտադպրոցական պարտականութիւնները պատրաստելու ընթացքին: Ունինք հրատարակչական ծրագիրներ ինչպէս՝ մանկապատանեկան աշխարհէն «Լալան ու Արան», մտամարզը: Շուտով իր լրումին կը հասնի նաեւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի գունազարդ դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքը: Ընթացքի մէջ է նաեւ Դ., Ե. եւ Զ. կարգերու յատուկ արդի հայոց պատմութեան գունագեղ դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքը:
Որպէս հրատարակչական աշխատանք լոյս պիտի տեսնէ նաեւ գունազարդ, եռալեզու, եռահատոր Արցախեան մեր
մշակութային կորուսեալ ժառանգութեան մասին գիրք մը: Ինչպէս նաեւ պիտի հրատարակուի Արցախեան բնութիւնն ու կեանքը պատկերող լուսանկարներու գիրքը:
Իսկ Արցախի տարածաշրջանի հայկական պատկանելիութիւնը հաստատող փաստաթուղթերը լոյս պիտի տեսնեն երեք հատորներով:
Մենք կը հաւատանք մեր ծրագիրներուն կարեւորութեան եւ այժմէականութեան ու հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, լծուած ենք զանոնք իրականացնելու արշաւին:
«Գ.»- Շնորհակալութիւն: Յաջողութիւն կը մաղթենք Համազգայինի գործունէութեան:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան