ԱՄԱՆՈՐԻ ԳԻՇԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԳՈՅՆ ԶԳԵՍՏ ՀԱԳՆԻԼ

Խորքին մէջ այդ օրուան համար մենք պէտք է նախընտրենք կենդանութիւն հաղորդող եւ հանգիստ գոյներ, ուստի կանաչը նպատակայարմար է:
Կանաչը դրական  ազդեցութիւն ունի մեր հոգեվիճակին վրայ:
Միւս կողմէ 2024-ը Կանաչ Վիշապի տարի է:
Կանաչ գոյնը առնչուած է բնութեան հետ, կենսունակութեան ալիք կը  հաղորդէ: Անոնք, որոնք կ’ընտրեն կանաչը, սովորաբար լաւատես եւ ընկերասէր մարդիկ են:
Կանաչը դեղին եւ կապոյտ գոյներու խառնուրդն է: Ան կը ներառէ երկու հիմնական գոյներու լաւագոյն յատկութիւնները. դեղինէն՝ պարզութիւն եւ լաւատեսութիւն, իսկ կապոյտէն՝ յատուկ հմայք: Կանաչը ֆիզիքական ազդեցութիւն ունի մեր մարմինին վրայ, ան կը հանգստացնէ մեր ջիղերուն պրկուածութիւնը:
Աշխարհի մէջ կանաչը տարբեր բաներ կը խորհրդանշէ:
Կանաչը՝ յաւերժական կեանք կը խորհրդանշէ ճաբոնի մէջ:
Կանաչը կապուած է աճի եւ նորացման հետ: Կանաչը կ’օգնէ վերականգնելու եւ երիտասարդ դառնալու:
Եթէ Ամանորի օրը յոգնած եւ ուժասպառ էք, անհրաժեշտ է որ վառ կանաչ հագնիք, որպէսզի գործունեայ եւ եռանդուն դառնաք: Կանաչը մեր տրամադրութիւնները կը բարձրացնէ:
Ան ունի բազմաթիւ երանգներ՝ անանուխի կանաչ, բաց կանաչ, բուսական կանաչ, զմրուխտի կանաչ: Այս բոլորը հիանալի ձեւով կը համադրուին հիմնական գոյներու՝ սեւին, ճերմակին եւ շաքարագոյնին հետ:
Կանաչը գրաւիչ տեսք ունի նաեւ մոխրագոյնին հետ, որ այս տարուան ամէնէն նորոյթ գոյնն է: Կրնանք կանաչ շապիկ հագնիլ, մոխրագոյն փէշով:
Եթէ կը փափաքինք աւելի պայծառ եւ գրաւիչ ըլլալ, կրնաք կանաչը համադրել դեղինին կամ նարնջագոյնին հետ: Նման գոյները տօնական տրամադրութիւնը աւելի կը բարձրացնեն եւ աւելի եռանդ կու տան մեզի:
Կանաչին երանգները կարելի է համադրել նուրբ երկնագոյնին եւ կապոյտին հետ: Ամենապարզ եւ ամենայաջող օրինակը կանաչ բաճկոնն է՝ կապոյտ տաբատի մը հետ:
Կանաչը ձեզի կը վայելէ՞…
Կանաչը ընդհանրապէս կը վայելէ կարմիր մազերով կանանց:
Այնուհանդերձ, կանաչին կրնան օգտագործել  շէկ, թուխ եւ շագանակագոյն մազեր ունեցող կանայք:
Ոճաբանները խորհուրդ կու տան որ կիներ ձմեռնային եւ ամառնային իրենց հագուստներուն ընտրութեան մէջ  բաց գոյները նախընտրեն, իսկ գարնան եւ աշնան՝ աւելի մուգ գոյները:
Իրականութեան մէջ դասական կանաչը կը համապատասխանէ բոլորին:
Եթէ կանաչը ընտրենք, յաջողութեան ձգտող մարդիկ ենք: Կանաչը բարիի եւ սիրոյ գոյնն է: