Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի միջօրէի ժամը 12:00-ին բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի աւանդական ամանորեան ցուցահանդէսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, մասնակցութեամբ ՍՕ Խաչի Ձեռարուեստի, Աշխատանոցի, Մանկամսուրի, «Փեթակ» եւ «Շիրակ» վաճառատան յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ նստավայրի երեք մասնաճիւղերու եւ Քեսապի «Մեղրի» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:
Սրահի մուտքին հայկական գաւառական տարազներով երկու երիտասարդուհիներ դիմաւորեցին սրբազան հայրը եւ հիւրերը:
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ սրբազան հօր, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Շրջ. Վարչութեան եւ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գաղութիս հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հիւրերու եւ խաչուհիներու:
ՍՕ Խաչի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, սրբազան հայրը ու ներկայ հիւրերը շրջեցան սրահին մէջ, այցելեցին եւ ծանօթացան ցուցադրուած աշխատանքներուն եւ հաղորդեցին իրենց տպաւորութիւնները՝ գնահատելով եւ արժեւորելով ՍՕ Խաչի ժրաջան անդամուհիներու տարած ազգօգուտ, նուիրեալ, բարի ու պտղաբեր աշխատանքը:
Այնուհետեւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Հակառակ մեր զոյգ հայրենիքներու դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, Սուրիոյ տնտեսական տագնապին, Շրջ. Վարչութիւնը այս տարի, եւս ըստ աւանդութեան, կը ցուցադրէ իր յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու ճոխ եւ իւրայատուկ արտադրանքը, որուն հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին: Տարիներ շարունակ ու մինչ օրս ՍՕ Խաչը կը սատարէ հայ մշակոյթին, աւանդութիւններուն եւ հայկական ձեռագործներուն պահպանման: Ամանորի ցուցահանդէսը ծառայեցնելով այս նպատակին՝ զայն կ’անուանէ հայկական ասեղնագործութեան մը անուամբ: Այս տարի ցուցահանդէսը նուիրուած է Վանի եւ Սվազի ասեղնագործութիւններուն, որոնք զարգացեր ու սերունդէ-սերունդ անցնելով հասեր են մեզի՝ մեր մեծ մայրերուն ձեռամբ»:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին՝ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի բոլոր մասնակիցներուն, իրենց կամաւոր ծառայութեան համար:
Ապա Ձեռարուեստի Յանձնախումբի անդամ Մարիա Փայասեան ըսաւ. «Հայաստանի բոլոր գաւառներուն, քաղաքներուն մէջ կը զբաղէին ասեղնագործութեամբ, ասեղնագործ իրերով կը զարդարէին իրենց բնակարանները»:
Ցուցահանդէսին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ասեղնագործութեան մասին, յայտնելով որ ասեղնագործական կեդրոններէն մէկը Վասպուրական Նահանգի Վան քաղաքն էր, որ Մեծ Եղեռնի օրերուն ոչնչացաւ: Հետագային երբ շարք մը արուեստներ իրենց գոյութիւնը պահեցին որբանոցներու մէջ, հայկական ասեղնագործութիւնն ալ վերականգնեցաւ:
Միջոցին Սվազի եւ Վանի ասեղնագործութիւններէն նմուշներ պարունակող տեսանիւթ մը ցուցադրուեցաւ:
Ապա Լիլիթ Նալպանտեան եւ Ալիսա Լախոյեան գողտրիկ շարժումներով Նազ Պար պարեցին:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր սրտին խօսքը ուղղելով ըսաւ. «Ամէն բանէ առաջ փառք կու տանք Աստուծոյ որ այս տարի առիթ մը եւս շնորհեց մեզի ներկայ ըլլալու ՍՕ Խաչի կազմակերպած այս ցուցահանդէսին: Ո՞ւր կը կայանայ գաղտնիքը այս արուեստին՝ ստեղծագործութեան, բնականաբար կը կայանայ հայ հոգիին մէջ, բայց աւելին՝ Հայաստան աշխարհի ներկայ թէ պատմական հողին ու ժառանգութեան մէջ:
Հայկական դրոշմը, հայկական նկարագիրը աստուածատուր շնորհք մըն է, զոր մեր ազգը կը վայելէ, եւ իսկապէս այն կնիքն է, որ ուր որ երթանք, ուր որ գտնուինք մեր աշխատանքով, մեր արուեստով, մեր ստեղծագործութեամբ կ’արտացոլացնենք զայն ու կը զանազանուինք միւս ազգերէն»:
Ապա շնորհաւորեց ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքը, որ ամէն տարի բազմաթիւ առիթներով այսպիսի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ ու հայկական ձեռարուեստը կը տարածէ:
Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր խօսքը խաղաղութիւն մաղթելով Սուրիոյ եւ վերելք՝ Հայաստան աշխարհին:
Սրահին մէջ ցուցադրուած էին հայկական ձեռագործի գեղեցկագոյն գոհարներ՝ Մարաշի, Այնթապի, Սվազի, Վանի, Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Մալաթիոյ, Լասէ եւ Նորվեկիան գործեր:
Սրահին կեդրոնը նստած էր ձեռարուեստի յանձնախումբի ամէնէն երիտասարդ աշակերտուհին՝ Մեղեդի Ալաճաճեանը, որ Վանի ձեռագործ կ’աշխատէր:
Ցուցադրուած էին նաեւ Ամանորը խորհրդանշող տպածոյ սեղանի ծածկոցներ, մեքենագործ անձեռոցներ, հայատառ հայկական սեղանի ծածկոցներ, բարձեր, տօնական առիթներու համար պատրաստուած որակաւոր հաւաքածոյ մը:
Սրահին մէջ ուշագրաւ էին նստավայրի մասնաճիւղերու շքեղազարդ սեղանները, զանազան տեսակի համադամ պաստեղներով, տուրմերով, կրկնեփուկներով, հրուշակեղէնով, մրգեղէնով, նշածաղեր, ընտիր գինիներով ու խմիչքներով՝ վաճառքի ներկայացուած:
Փեթակ խոհանոցը իր մասնակցութիւնը բերած էր հայկական ճոխ ճաշատեսակներով եւ խմորեղէններով:
Շիրակ Պաշարի Յանձնախումբը ցուցադրած էր պաշարի տեսականի:
Եւ դեռ ինչե՜ր չկային սրահին մէջ… սեղանի մը վրայ Մանկամսուրի ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած փոքրիկներու յատուկ քաղցրաւենիքի ծրարներ, տուրմով պատրաստուած կրկնեփուկներ, փոքրիկներու յատուկ անձեռոցներ, գլուխի պանտեր: Այս բոլորը ներկայացուած էին ճաշակաւոր ու բծախնդիր յարդարումով:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ տեղական լրատուամիջոցներ, ինչպէս «Գաձասար»-ն ու «Ռատիօ Երազ»-ը:
Սոնիա Զամպագճեան-Ճարպիկեան