Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով, Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Ազգ. Մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանի փոքրիկները, հոգաբարձութեան եւ անոր ատենապետ տիար Վաչէ Ճուհարեանի, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեանի եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ, շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:

Աշակերտները, տօնական երգերով եւ արտասանութիւններով շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով, աղօթեցին եւ նոր տարուան իրենց ձեռային աշխատանքը նուիրեցին Սրբազան Հօր:

Սրբազան Հայրը օրհնեց փոքրիկները, զրուցեց անոնց հետ, իր հայրական խրատները փոխանցեց եւ այս առիթով նուէրներ եւ աղօթաբացիկներ բաժնեց անոնց: Այցելութեան առիթով, ան գնահատեց մանկապարտէզի հոգաբարձուները, վարժարանի տնօրէնուհին եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմը, որոնք հոգածութեամբ կը վարուին փոքրիկներուն հետ եւ հայ դպրոցին առաքելութիւնը լաւագոյնս յառաջ կը տանին: