Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2023-ին, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Անի Պոյմուշաքեանի, «Սարդարապատ» սրահէն ներս։

Ելոյթի աւարտին, քեսապահայութեան ներկայութեան, Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Քեսապի մէջ իր առաքելութեան տարիները ամբողջացուցած հոգեւոր տեսուչին ազգակերտ եւ հայրենաւանդ ծառայութեան, որ նոր շունչ եւ ոգի պարգեւեց քեսապահայութեան։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը լանջախաչով գնահատեց Հայր Սուրբը, աղօթելով եւ մաղթելով, որ առանց ափսոսանքի եւ համարձակութեամբ կանգնի Տիրոջ առջեւ եւ շարունակէ ծառայել ի փառս Աստուծոյ։