Հովանաւորութամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ֊ ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2023֊ ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Ամանորեան ցուցահանդէս֊վաճառք, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան, ՍՕԽ֊ ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեանի, մասնաճիւղի վարչութեան, յանձնախումբի անդամներուն, մասնաճիւղի խաչուհիներուն։

Ցուցահանդէսը կոկիկ եւ բծախնդրօրէն պատրաստուած էր։ Ցուցադրուած էին ամանորեան զարդեր, կրկնեփուկներ, քաղցրաւէնի եւ, այլն։
Ներկաները բարձր գնահատեցին խաչուհիներու կամաւոր ծառայութիւնն ու բարեսիրական նպատակներու համար կազմակերպած այս ցուցահանդէս-վաճաօքը, ուր ցուցադրուած ուտեսն ու քաղցրեղէնը կարճ ժամանակի մէջ սպառեցան։