ՀՅԴ Երիտասարդականը առցանց մասնակցութիւն ունեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան ԸԵՄՄ Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին:
12_13 Դեկտեմբերին ՀՅԴ Երիտասարդականէն 6 հոգինոց պատուիրակութիւն մը՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Եւրոպայէն մասնակցութիւն ունեցան ժողովին: Ընկերները ներկայացուցին Հայաստանի եւ մանաւանդ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ամիսներու արհաւիրքները, էթնիկ զտումն ու ներկայիս բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վիճակը: Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան քննարկում «Սեւծովեան տարածաշրջանը համաշխարհային ճգնաժամերու մէջ» խորհագրով, որուն բանախօսներն էին՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Դաշինքի պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեանը եւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի գիտաշխատող Եղիա Թաշճեանը: