Երէկ՝ 19 Դեկտեմբեր 2023_ին, Նիկոլ Փաշինեանի հերթական հարցազրոյցն էր: Մէկ ժամէն աւելի տեւած հարց ու պատասխանի նպատակն ու նամակները հասկնալը այնքան ալ բարդ չէ, քանի որ, ինչպէս միշտ, Փաշինեան կը պտտէր նոյն կծիկի շուրջ։ Սա մեր տպաւորութեամբ։
Իսկ ընդդիմութիւնը ի՞նչ տպաւորութիւն ստացած է այս հարցազրոյցէն․ պատասխանը ստանալու համար MediaHub-ը զրուցեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի հետ:
«Տպաւորութիւն էր, որ Ատրպէյճանի մէկ հպարտ քաղաքացի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սալիւրտ զարկած էր Արցախը վերցնելու համար ու գացած էր Հ1` հարցազրոյցի»,- կարծիք յայտնեց Սաղաթէլեան։
Անոր խօսքին համաձայն, բարդ է մեկնաբանել մարդու մը, որ այս վիճակի մէջ ալ կը փորձէ ատրպէյճանական թէզերն յառաջ մղել։ Դիտարկումին համաձայն, որ կարմիր գիծով Փաշինեանը կը շարունակէ յառաջ տանիլ «խաղաղութեան» օրակարգը, Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց, որ Փաշինեանին օրակարգը խաղաղութեան հետ կապ չունի։
«Երբ Ատրպէյճանը կը շարունակէ մնալ ՀՀ տարածքին վրայ, իսկ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Պաքուի բանտերուն մէջ է, խաղաղութեան մասին խօսիլը լուրջ չէ», ըսաւ Սաղաթէլեան։
Ըստ ընդդիմադիր պատգամաւորին, իրականութեան մէջ տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի պայմաններով, ուժի սպառնալիքի տակ փաստաթուղթի քննարկում, որ ոչ միայն խաղաղութիւն պիտի չի բերէ, այլ նաեւ նոր ական պիտի դառնայ յաջորդ պատերազմին համար։
«Պարտութիւն բերած անձը կը փորձէ խաղաղութեան անուան տակ նոր զիջումներ բերել Հայաստանին։ Ու իր բոլոր արդարացումներն ու հիմնաւորումները միտուած են երկու բանի․ նախ կը փորձէ իր նախկին ըրածները մարսել, եւ երկրորդ՝ հանրութիւնը կը պատրաստէ նոր զիջումներու։ Ամէն բան յստակ է․ Ատրպէյճան իր ձեռք բերածը կը փորձէ ամրագրել այդ փաստաթուղթով։ Այդ փաստաթուղթը որեւէ ձեւով չի կրնար կանխել Հայաստանի վրայ նոր յարձակումը»,ըսաւ Սաղաթէլեան։
Ան շեշտեց, որ Փաշինեան իր այս հարցազրոյցներով, իր խամաճիկներով ու տէրերով մէկ նպատակ ունի՝ ժողովուրդը համոզել, որ իր մինչ այժմ գործած յանցանքները արդարացում ունին։
«Բացի անկէ, ան կը փորձէ մարսել Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումները։ Իսկ մեր հարցն է ժողովուրդին բացատրելը, թէ ինչ կը սպասէ մեզ։ Ու հիմա աշխուժօրէն մարզային այցեր կ’իրականացնենք», ըսաւ ան։
Նախքան այս հարցազրոյցը եթեր հեռարձակելը ընդլայնուած կազմով Անվտանգութեան Խորհուրդը նիստ հրաւիրելուն մասին Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ Փաշինեան լաւ գիտէ, թէ ինչ բերած է այս ժողովուրդի գլուխին։
Յիշեցնենք, նախօրէին Նիկոլ Փաշինեան Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ հրաւիրուած էր, որուն մասնակցած են Ազգային Ժողովի ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորներ, տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան եւ այլք: