Ուրբաթ միջօրէի ժամը 12:40-ին, խումբ մը ահաբեկիչներ սեւ հագուստներով եւ դիմակներով, թիւով շուրջ 30 հոգի, փայտերով զինուած, արցունքաբեր նռնակներով եւ այլ տեսակի միջոցներով յարձակում գործած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» տարածքին մէջ գտնուող հայերու վրայ` զանոնք հարուածելու, տարածքէն դուրս հանելու եւ ահաբեկելու նպատակով:

«Իսրայէլահայեր» կայքին հաղորդումով, ահաբեկիչները քարեր սկսած են նետել հայերուն վրայ:

«Հայ երիտասարդներն ու անակնկալի եկած հայ հոգեւորականները իսկական մարտի բռնուած են անոնց դէմ` համարժէք պատասխանելով եւ պահելով տարածքը` մինչեւ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հին քաղաքի ոստիկանները ուշացումով կը յայտնուէին դէպքի վայր: Յարձակումը կասեցուած է:

«2 հայ տարուած է ոստիկանութիւն: Թէ արդեօք յարձակողները ձերբակալուա՞ծ են ու պատիժ կը կրե՞ն, այս պահուն յայտնի չէ», գրած է կայքը:

Երուսաղէմի պատրիարքարանէն յայտնած են, որ ծանր վնասուածքներ ստացած են Հայկական հոգեւոր ակադեմիայի քանի մը քահանաներ, սարկաւագներ, ուսանողներ, բնիկ հայեր:

«Ասիկա այն յանցաւոր պատասխանն է, որ մենք ստացած ենք Երուսաղէմի շրջանային դատարան «Կովերու պարտէզ»-ի հարցով դիմում ներկայացնելու համար, որ պաշտօնապէս ստացած է դատարանը 24 ժամ առաջ», կը յայտնեն պատրիարքարանէն: