Ուրբաթ, 5 Յունուար 2024-ին, Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։
Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հետ անմիջական կապ ունեցող հարցեր եւ յատկապէս Կազայի պատերազմին հետեւանքները ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը երկիրը դիմագրաւող տագնապներու ու մարտահրաւէրներու լուծման գծով եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց որեւէ ծրագրի պարագային օգտակար ըլլալու Լիբանանի հայութեան: