«Խօսքը կը թռչի, բայց գիրը կը մնայ»։

Լատին փիլիսոփայութիւնը ունէր իր
բազում հաւատամքները։ Հաւատամքներ,
որոնք կեանք կը կերտեն եւ այդ կեանքին
կուտան արժէք։ Արժէք, որ կը կերտէ
քաղաղակրթութիւն մը, ուր մարդկային
կեանքեր կը ստանան
դաստիարակութիւն եւ այդ
դաստիարակութեան մէջէն կը կերտեն
անհատական, ընտանեկան եւ
հաւաքական կեանքեր։

Այս արժէքի կեանքը կերտելու մէջ իր
կարեւոր բաժինը ունի խօսքը։ Խօսքը
«Բան»ն է։ «Սկիզբէն էր Բանը» (Յովհաննու
1:1)։ Աստուած որ «Բան»ն է եւ որ ան
ստեղծեց մարդը, որպէսզի գիտակցի այս
արժէքի կեանքին՝ իր ամբողջական
հասկացողութեան մէջէն եւ անով ապրի։
Ապրելու համար անհրաժեշտ է խօսքը եւ
անպայմանօրէն գիրը, «որովհետեւ
խօսքը կը թռչի, բայց գիրը կը մնայ»։
Խօսքը յաւերժացնելու համար
անհրաժեշտ է գիրը։ Խօսք-Գիրը
կ՚արտայատէ ու կը սորվեցնէ «Բան»ը՝
արժէքի կեանքը եւ անոր
գիտակցութիւնը։

Գիրը մնալու եւ ծաղկեցնելու համար
պէտք է զայն ապահովելու միջոցները
ստեղծել։ Խօսքը եւ ապա գիրը
հրատարկելու համար պէտք է
հրատարակչատունը, որ պիտի
նախաձեռնէ պահելու համար խօսքը եւ
ամրագրելու զայն։ Իսկ նախաձեռնելը կը
պահանջէ տեսիլք, կամք եւ գործ։ Այս
երեքը անհրաժեշտութիւններ են,
որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել
տեսլականը՝ խօսքէն դէպի գիր եւ ապա
արժէքի կեանքի կերտումը։

Պէյրութի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»
հրատարակչատունը իր ինիսուն եւ երկու
տարիներու պատմութեան մէջէն փորձեց
իրականացնել «Բան»ը, որպէսզի հայուն
աւանդը եւ անոր դաստիարակութիւնը
պահէ եւ ամրապնդէ։ Ան հայկական
իրականութեան մէջ կարեւոր եւ նուիրեալ
հիմնարկներէն մին եղած է եւ մինչեւ
այսօր։

«Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան
երկար տարիներու աշխատանքը կը
վկայէ, որ ան, ինչպէս հայ ժողովուրդին
պատմութիւնը, պահեց ու կերտեց, երբ
խօսքը, գիրը իր տարբեր
բովանդակութիւններով եւ
ուսուցումներով հասանելի դարձուց հայ
հաւաքականութիւններուն՝ Լիբանանէն
մինչեւ տարբեր երկիրներ։ Այս ընդգրկեց
գիրը-գիրքը հրատարակել, բաժնել եւ
նուիրել։ Համազգայինի
հրատարակչատունը իր առաքելութեան
մէջ ուզեց ամուր կառչիլ իր հաւատամքին՝
հայակերտումի եւ մարդակերտումի իր
տեսլականին։

Այս բոլորը պիտի չուզէի ներկայացնել
միայն որպէս տեսութիւն։ Այլ պիտի ուզէի
բաժնեկցիլ անձնական փորձս «Վահէ
Սէթեան» հրատարակչատան հետ, եւ թէ
ինչպէս հայուն աւանդին եւ անոր արժէքի
կեանքը իմաստաւորելու «ջանքին մէջ
թուլասիրտ չեղաւ» ան։

Վկայութիւնս։

Եթէ վկայութիւնս պիտի գայ մէկ կողմէ
որպէս միջազգային քրիստոնէական
հրատարակչական կազմակերպութեան
մը պատասխանատու պաշտօնեայ, բայց
նաեւ որպէս գրող եւ հրապարակագիր։
Այս վկայութիւնը տարիներու վրայ
երկարած յարաբերութեան եւ
փորձառութեան մէջէն կուգայ, երբ «Վահէ
Սէթեան» հրատարակչատան եւ անոր
անձնակազմին հետ աշխատանքային
գործարկներու կը ձեռնարկէի։

Եթէ համեստ բաժինս բերած եմ
տարիներու վրայ երկարած, երբ
նախաձեռնած եւ հրատարակած եմ երեք
մանկա-պատանեկան Աստուածաշունչեր
հայերէն լեզուով, բայց նաեւ երկու հատոր
գիրք՝ յօդուածներուս հաւաքածոները։ Ու
տակաւին վեցերորդ գիրք մը՝
անգլերէնով, Աստուածաբանական
ուսումնասիրութեան մը շուրջ։ Այս բոլորին
մէջէն տեսած եմ, թէ ինչպէս «Վահէ
Սէթեան» հրատարակչատունը փորձեց
իւրաքանչիւր հրատարակութեան հետ
եթէ մէկ կողմէ պահել մասնագիտական եւ
արհեստավարժ ու բծախնդիր իր
աշխատանքը, ինչպէս նաեւ միտք, հոգի եւ
պատրաստակամութիւնը, որպէսզի
իւրաքանչիւր հատոր հասնի մանուկին,
պատանիին եւ հասարակութեան եւ մէկ
գլխաւոր նպատակով։ Հայուն եւ անոր
հաւաքականութեան մէջ դարբնել արժէքի
կեանքի հասկացողութիւնը եւ անոր
հասնելու տեսլականը։ Տեսայ թէ ինչպէս
այս հրատարակչատունը կը ձգտի ոչ թէ
առեւտրական, շահաբեր ու հասոյթի
մեկնարկներով (այդ բոլորը պէտք են ու
անհրաժեշտ), այլ հաւաքականութիւնը
կերտել խօսք-գիրի եւ անոր արժէքին
գիտակցութեամբ։

«Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը կը
թեւակոխէ իր ինիսուն եւ երկրորդ տարին։
Այս տարեդարձին հետ կան եւ կը
զուգադիպին բազմաթիւ
մարտահրաւէրներ։ Լիբանանը եւ Միջին
Արեւելքը կ՚ապրին իրենց կոտտացող
վէրքերով, իսկ Հայաստանը եւ Արցախը
իրենց աշխարհաքաղաքական
բազմաբնոյթ վերիվայրումներով։ Այս
բոլորին վրայ պիտի աւելնան
տնտեսական ու ելեւմտական սուր
տագնապը, որոնց պիտի հետեւի
մտահոգութիւնը։

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի ամրապնդել
հայակերտումի եւ մարդակերտումի մեծ
գործը եւ արժէքի կեանքը շարունակելու
հսկայական գրաւականը։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»
հրատարակչատունը պատնէշի վրայ
մնաց ամբողջ ինիսուն եւ երկու տարի,
երբ հայակերտումի աշխատանքին մէջ իր
անսակարկ ներդրումը բերաւ։ Ասիկա մեծ
շնորհաւորութեան արժանի իրագործում
է։ Շնորհակալութեան եւ
երախտագիտական խօսք բոլորին՝
իրենց նուիրական աշխատանքին
համար։

Այսօր կայ նաեւ մաղթանքը։ Այս
մաղթանքը հետեւանք է պահանջքի։
«Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը
պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ՝ ի
խնդիր հայակերտումի եւ
մարդակերտումի մեծ առաքելութեան։
Ներկայ աշխարհը բոլոր իր թոհուբոհի
իրավիճակներուն մէջէն մեր բոլորին վրայ
կը դնէ մէկ մեծ պահանջք-
պարտականութիւն մը՝ արժէքի կեանքի
դաստիարակութեան եւ անոր
շարունակականութեան
անհրաժեշտութիւնը։

Եթէ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը
հոն էր եւ տարիներու վրայ երկարած
հայակերտումի եւ անոր
դաստիրակոթեան համար, ան հոս է
տակաւին այսօր։ Հոս պէտք է մնայ վաղը,
որքան ալ վաղը իր մէջ ունի բազմաթիւ
անորոշութիւններ։

Ես այս իրականութեան եւ անոր հասնելու
տեսլականին կը հաւատամ, որովհետեւ
տեսայ ու տակաւին կը տեսնեմ «Վահէ
Սէթեան» հրատարակչատունը՝ իմ
պրիսմակէս։

Երախտագիտական զգացումներով՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի
Ընկերութիւն

Փետրուար 2023