27 Դեկտեմբերին, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ուսումնարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհանդէսը։

Գիրքը լոյս տեսած է Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներուն նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ։ Պատկերագիրքը կազմած է Հայկական Ճարտարապետութեան Ուսումնասիրման հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան:

Պատկերագիրքը հրատարակուած է Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութեան (այսուհետեւ՝ ԿԳՄՄ) «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին (Պետական ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւն) հետ համագործակցաբար։ Գիրք-ալպոմի կազմութեան օժանդակած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը։

Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցած են Համազգայինի ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահպազեան, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆ. ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, կազմողը՝ Րաֆֆի Քորթոշեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, յուշարձանագէտ Սլաւա Սարգսեան, Արցախի նախկին ԿԳՄՄ նախարար Լուսինէ Ղարախանեան։

Ներկաները կարեւոր համարած են գիրքին հրատարակումը իբրեւ թշնամիին կողմէ իրականացուող կեղծ քարոզչութեան հակադարձող միջոց։

«Մեզի կը թուէր, թէ ապահոված ենք թէ՛ մեր ժողովուրդին խաղաղ կեանքը իր հայրենի հողին վրայ, թէ՛ նաեւ այդ ժողովուրդին միջոցով յուշարձաններու պահպանութիւնը։ Ցաւօ՛ք, այսօր այս իրավիճակին մէջ ենք», գիրքին շնորհանդէսին ընթացքին յայտնեց Րաֆֆի Քորթոշեան։

Ան ընդգծեց, որ ոչ միայն թուղթի վրայ, այլեւ գիրքի միջոցով պէտք է փորձենք պահել Արցախի յուշարձանները Արցախի մէջ:

Ըստ Արտաշէս Շահպազեանի՝ պայքարը պէտք է շարունակուի, հաւանաբար կրկին սկիզբէն, հաւանաբար նոր փուլէն, բայց այո՛, նաեւ այսպէս պէտք է պայքարը շարունակենք` մեր հայրենիքին վերատիրանալու եւ արդարութիւնը եւ մեր իրաւունքը վերահաստատելու համար։

Շնորհաւորելով գիրքին հրատարակումը, Շահպազեան յոյս յայտնեց, որ անիկա պիտի յայտնուի դիւանագիտական սեղաններու վրայ։ Ընդգծեց, որ ընելիքներ դեռ շատ կան։

Ռուզան Առաքելեանի խօսքով՝ գիրքը փաստաթուղթ է մեր ձեռքին։ Ուստի յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցենք, որ ոչ թէ Արցախը իր պատմամշակութային տարածքով ընդամէնը յիշողութիւն դառնայ, այլ զգօն պահէ զիրենք, որպէսզի մտապահեն Արցախը վերադարձնելու երազանքը։

«Տեսնելով՝ ինչ թողած ենք թշնամիին, մարդու ներաշխարհը տակնուվրայ կ՚ըլլայ։ Համոզուած եմ, որ այս գիրքը սերունդներ զօրաշարժի պիտի ենթարկէ։ Եթէ մենք այսօր ըսենք, որ Արցախը կորսնցուցած ենք՝ վաղակատարով, կը նշանակէ՝ որպէս ազգ արժանի չենք մեր նախորդներուն, որոնք ահռելի ու հզօր քաղաքակրթութիւն ստեղծած են։ Եթէ մենք մէկ անգամ ապացուցեցինք, որ կարելի է աշխարհը շուռ տալ եւ Արցախը ազատագրել, ուրեմն մենք այս գաղափարը կրնանք փոխանցել մեր սերունդներուն եւ օր մը արժանանալ Արցախի լիակատար ազատագրման։ Կը յորդորեմ չվհատի՛լ», իր խօսքին մէջ ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

«Հայ ժողովուրդի արցախեան հատուածի ժառանգութիւնը պարզապէս եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, յուշարձաններ չեն, այլ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն գրաւականը։ Այս պատկերագրքով կը փորձենք կանգնեցնել մոռացութեան տրուելու մարտահրաւէրը», իր կարգին ընդգծեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Ան յոյս յայտնեց, որ մենք դեռ առիթ պիտի ունենանք կրկին Ստեփանակերտի, Հադրութի ու Շուշիի մէջ այլ շնորհանդէսներ կազմակերպելու։

Կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատկերագիրքի լոյս ընծայման առիթով իրենց հովանաւորութիւնը ցուցաբերած անձերուն՝ Նիւ Եորքի Ս. ԳՐ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանին, բժիշկ Անտրէ Էլիասեանին, ուսուցչուհի Մէկի Քաւարեանին։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ