Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Երեւանի մէջ, ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոյի հետ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Ըստ հայկական կողմին, Գրիգորեանն ու Պոնօն անդրադարձած են վերջին շրջանին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ու անոնց հետեւանքով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն կատարման ընթացքին: