Հինգշաբթի, 11 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս մեծարգոյ տիար Բաբգէն Պատալեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, տիար Բաբգէն Պատալեան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով եւ առաւել ոյժ եւ կորով մաղթեց անոր։ Այս առիթով, ան փոխանցեց Սուրիոյ մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան մեծարգոյ տիար Տիգրան Գէորգեանին շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տալով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթեց պարոն հիւպատոսին, իր ընտանիքի պարագաներուն, պարոն դեսպանին եւ ողջ հայութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն մաղթեց մեր հայրենիքին եւ ողջ աշխարհին։
Հանդիպումին արծարծուեցան զանազան նիւթեր։