Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ի առաւօտեան
Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ
Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ
Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան
տօնի առիթով։ Պատարագը մատուցեց եւ
յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի
Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ.
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր Սուրբը նախ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ճեզիրէի հայութեան անունով շնորհաւորեց Ս. Ծնունդը եւ
Աստուածայայտնութիւնը եւ շնորհաւորեց
Բերիոյ Հայոց Թեմի Գերշ. Տ. Մակար Ս.
Եպս. Աշգարեան Առաջնորդ Սրբազանը, ազգային իշխանութիւնը եւ ամբողջ
Ճեզիրէի Հայութիւնը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նեկայ էին
նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն Գերյ.
Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը եւ
Գերապատիւ Հայր Մովսէս Վրդ.
Տօնանեանը եւ Ասորի Ողղափառ
Համայքէն Տէր Սալիպա Ապտտալան։

Հայր Սուրբը իր Քարոզի բնաբանը
ընտրած էր Մատթէոս Աւետարանի 1
գլուխէն 23 համարը։ Ան իր քարոզի
ընդացքին անդրադարձաւ մեր Փրկիչ
Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան խորիմաստ
նշանակութեան մասին ըսելով։
«Քրիստոսի ծնունդով այսօր մեզի կը
փոխանցուի բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ մեզի փոխանցած է Եսայի մարգարէ։ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է։ Ուրախացէք, ո՛վ Քրիստոսի հետեւորդներ, այսօր Քրիստոս ծնաւ մեզմէ իւրքանչիւրին
հետ ըլլալու համար։ պահելու մեզ մեր
տուներէն ներս պահելու մեր տուները։
Աստուած մեզի հետ է ամէն տեղ, Ամէն
վայրկեան, իւրաքանչիւր երկվարկեան։
Օ՜ն, արթնանք մեր երկար թմբիրներէն,
քանի որեւէ վարկեան գողը կրնայ մտնել
մեր տուներէն ներս, մեր հոգեւոր տուներէն
ներս եւ գողնալ մեզմէ այս ճշմարտութիւնը,
տանելու մեզի անկումի եւ յաւիտենական
տանջանքի»։
Հայր Սուրբը շարունակելով իր խօսքը
ըսաւ. «Դուրս գանք մեր մարդկային
դատողութեան կրեայի պատեանէն եւ
հագուինք Քրիստոսի լուսեղէն
հագուստները։ Զարդարենք մեր
պարանոցները Քրիստոսի պարգեւներով,
զարգացնենք մեր մտքերը Աստուածային
ճշմարիտ ուսումով ու խօսքերով։
Այսօր մեր հոգեւոր կեանքին մէջ զգանք
երկունքի ցաւերը եւ թոյլ տանք որ Քրիստոս ծնի մեր հոգիներուն մէջ։ Ինչպէս երբ
բարեկամներէն կամ հարազատներէն
մէկը ծնունդ մը կ՚ունենայ ու մենք մեծ
ուրախութիւն կը զգանք, նոյնպէս եւ
աւելիով զգանք այդ ուրախութիւնը
Քրիստոսի ծնունդով»։
Յաւարտ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին տեղի
ունեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը
խորհրդանշող Ջրօրհնէքը։

Լոյս ի Լուսոյ շարականի երգեցողութեան
ընթացքին հայր Գառնիկը միւռոնաթափ
աղաւնին խորան բարձրացուց,
խաչքաւորութեամբ փոքրիկ Վարդգէս
Անտրիկ Սիմունեանի, որմէ ետք
օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ ներկայ
հաւատացեալ ժողովուրդին։