ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը Կիրակի, 7 Յունուար 2024-ին ժամանեց Տաուհա՝ իր մասնակցութիւնը բերելու Ասիոյ ախոյեանական մրցումներուն: Հաւաքականը դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ սուրիացիներու կողմէ, որոնք Տաուհայի օդակայանին մէջ ծաղիկներով եւ ազգային երգերով ողջունեցին խաղացողները: Նշենք, որ հաւաքականէն պիտի բացակայի հայ մարզիկ Մարտիկ Մարտիկեանը՝ վիրաւոր ըլլալուն համար:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, Հալէպի Ահլին յաջողեցաւ 82 – 74 արդիւնքով պարտութեան մատնել Դամասկոսէն ժամանած Ուահտէն: հանդիպումի ամբողջ տեւողութեան Ահլին կրցաւ տիրապետել արդիւնքին եւ յաղթել։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ ԼԵԿԵՆՏ ՖՐԱՆՑ ՓԵԿԵՆՓԱՈՒԸՐ ՄԱՀԱՑԱՒ
78 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց համաշխարհային ֆութպոլի լեկենտ, 1974 ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան, գերմանացի ֆութպոլիստ Ֆրանց Փեկենփաուըր: Ըստ  DPA գործակալութեան, գերմանացի մարզիկի ընտանիքին անդամները փոխանցած են, որ Ֆրանց մահացած է Կիրակի 7 Յունուարին: 1974 թուականի աշխարհի առաջնութենէն բացի, Փեկենփաուըր նաեւ արժանացած է Եւրօ-1972-ի ախոյեանութեան։ Միւնեխի «Պաւարիայի» կազմին հետ գերմանացի պաշտպանը չորս անգամ տիրացած է Գերմանիոյ առաջնութեան՝ երեք անգամ նուաճած է  Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի գաւաթը: Փեկենփաուըր նաեւ երկու անգամ արժանացած է «Ոսկի գնդակ» մրցանակին:
ՀԱԼԱՆՏ 100 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈՅԻ ՓՈԽԱՐԷՆ ԿԱՐՈՂ Է ՀԵՌԱՆԱԼ ՍԻԹԻԷՆ
Մանչեսթըր Սիթիի յարձակող Էրլինկ Հալանտ համամտութիւն յայտնած է մեկնելու այլ ակումբ՝ փոխան 100 միլիոն եւրոյի։ Ըստ կարգ մը մարզական լուրերու, Ռէալ Մատրիտ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է վերոյիշեալ գումարով իր կազմին մէջ ներառնելու Նորվեկիացի խաղացողը: Այս մասին յայտարարած է նաեւ  Football Espana-ն: Աղբիւրին համաձայն, Փրեմիէր Լիկի ակումբները պէտք է ծախսեն առնուազն 200 միլիոն եւրօ, որպէսզի համոզեն Մանչեսթըր Սիթին ազատ արձակելու նորվեկիացի խաղացողը, մինչդեռ արտասահմանեան խումբերը կրնան կազմակերպել Հալանտի տեղափոխութիւնը 100 միլիոն եւրոյով: Աւելցնենք, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Ռէալի կազմը հետաքրքրուած էր ֆրանսացի խաղացող Քիլիան Մպափէով, սակայն անոր անտարբեր կեցուածքներուն համար Ռէալ կը մտածէ ձերբազատիլ Մպափէէն եւ կազմին միացնել Հալանտը։ Այս մրցաշրջանին 23-ամեայ Հալանտը Փրեմիէր Լիկին հետ մաս կազմած  է 15 հանդիպումի եւ դարձած է 14 կոլի եւ 4 կոլային փոխանցման հեղինակ։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան