ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներու առաջին հանդիպումին, Սուրիոյ հաւաքականը բարձրորակ խաղարկութեամբ 0 – 0 հաւասար արդիւնքով աւարտեց Ուզպէքիստանի հետ իր մրցումը: Սուրիոյ հաւաքականը ներկայացաւ նոր կազմով, որուն միացան հինգ սուրիահպատակ մարզիկներ: Աւելցնենք, որ նախքան այս հադիպումը, հաւաքականի արժանթինցի մարզիչ Հիքթոր Քոփըր ենթարկուեցաւ քննադատութիւններու՝ կազմէն Օմար Սոման հեռացնելուն համար, բայց նորակազմ հաւաքականի բարձրորակ ներկայացումը գոհունակութեամբ համակեց բոլորը:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի տղաքը Լաթաքիոյ մէջ 64 – 53 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին հիւրընկալ Հըթթինը։ Մրցումին ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերէն մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ եւ համակիրներ: Համայի մէջ ՀԵԸ-ի տղոց կազմը պարտութեան մատ-նուեցաւ Թալիաաէն՝ 79 – 66 արդիւնքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ 
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը (այսուհետեւ՝ ՀՖԴ) յայտարարեց  Հայաստանի 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիստի քուէարկութեան արդիւնքը: ՀՖԴ-ը տեղեկացուց, որ 81 կէտ ապահովելով  2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին արժանացած է իտալական Ինթըրի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան: Երկրորդ հորիզոնականը 48 կէտով զբաղեցուցած է  Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Կրասնոթարի կիսապաշտպան Եդուարդ Սպերցեան, իսկ երրորդ դիրքը 21 կէտով  գրաւած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ալ-Ֆաթէհի կիսապաշտպան Լուքաս Սելարայեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՏԻՐԱՑԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐԻ ԳԱՒԱԹԻՆ
Սուէտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ Սուփըր գաւաթի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս մրցակիցներ դարձան Ռէալ Մատրիտն ու Պարսելոնան: 4 – 1 արդիւնքով աւարտած Քլասիքոյի հանդիպումը սկիզբ առաւ Ռէալի տիրապետումով, ուր ան առաջին վայրկեանէն կրցաւ իշխել խաղարկութեան եւ վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը: Հանդիպումի 7-րդ վայրկեանին, Ռէալի պրազիլցի խաղացող Վինիսիոս Ճունիըր կատարեց կոլերուն բացումը, որմէ երեք վայրկեան ետք կրկնապատկեց արդիւնքը:
Պարսելոնան անակնկալի առջեւ գտնուելով կրցաւ կազմաւորել իր դիրքերը եւ 33-րդ վայրկեանին  նշանակել իր միակ կոլը՝ Լիւանտովեսկիին հարուածով: 39-րդ վայրկեանին, Ճունիըր տուգանային հարուածով արձանագրեց խումբին եւ իր անձնական երրորդ կոլը: Երկրորդ կիսախաղը ընթացաւ նոյն կերպով. Ռէալ տիրապետեց խաղարկութեան եւ յաջողեցաւ դադրեցնել մրցակիցին բոլոր յարձակումները: 63-րդ վայրկեանին, պրազիլցի Ռոտրիկօն նշանակեց Ռէալի չորրորդ կոլը: 72-րդ վայրկեանին հանդիպումի իրաւարարը կարմիր քարտով դաշտէն հեռացուց Պարսելոնայի խմբապետ Արայոխօն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան