Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Յոբելենական Պաշտամունք Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հարիւրամեակին նուիրուած:
Պաշտամունքին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տ.Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Լիւսի Իսկէնեան, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներ:
Պաշտամունքը սկիզբ առաւ Ժագ Պօզեագալեանի նախանուագով, որմէ ետք պատուելի Ասատուր Մնչերեան պաշտամունքի կոչ ուղղեց եւ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան աղօթք կատարեց:
Համայնքապետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ողջունեց ներկաները եւ յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հարիւրամեայ տարեդարձին առնչութեամբ:
Սոյն պաշտամունքին գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միացեալ երգչախումբը՝ պարբերաբար ներկայացնելով «Քու Հաւատարմութիւնդ Մեծ է» երգն ու «Սուրբ Աստուած» շարականը, խմբավարութեամբ Յովիկ Օհանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի:
Վ.Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը ասմունքեց Լոռի Մաթոսեան:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ 100-ամեակին առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղապահ Վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի շնորհաւորական գիրերը ընթերցեց պատուելի Ասատուր Մնչէրեան, ապա Վանա Մարգէեան մեներգեց «Օրհնութիւն Մը Ըրէ Զիս» երգը, Ժագ Պօզեաքալեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ:
Վերապատուելի համայնքապետը հրաւիրեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը՝ իր շնորհաւորական խօսքը ուղղելու: Գերապայծառը իր խօսքին մէջ վեր առաւ տարիներ շարունակ եկեղեցիին հետ ունեցած եղբայրական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Վեր. Համայնքապետ դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի 35 տարիներու ժրաջան աշխատանքն ու ջանքերը՝ ի խնդիր եկեղեցիին եւ համայնքին վերելքին ըսելով. «Հետեւեցաւ Յիսուսի խօսքին, չեկաւ ծառայութիւն փնտռելու, այլ՝ ծառայելու եւ դուք բոլորդ ապրեցաք եւ կ՚ապրիք իր աշխատանքին պտուղը քաղելով եւ իր հետ վայելելով այս օրհնաբեր օրը»:
Գերապայծառը Հայ Կաթողիկէ համայնքին անունով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 100-ամեակը եւ մաղթեց որ նոյն խանդավառութեամբ ու նուիրումով շարունակուի անոր առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Արգինա Շէօհմէլեանի «Ի՜նչ Մեծ Ես Դուն» մեներգով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Օհանեանի:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի շնորհաւորական խօսքը ընթերցեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան։ Խօսքին մէջ առաւելաբար ըսուած էր․ «100 տարի շարունակ Բեթէլը եղաւ Աստուծոյ մայրական գիրկը, որ լայն բացուած իր հոգիին մէջ ընդունեց եւ սեղմեց բազմահազար հաւատացեալներ, բաւարարելով անոնց մէջ թէ՛ հոգեկան, եւ թէ մարմնաւոր պէտքերն ու կարիքները»: Պարիխանեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, իր, Ազգային իշխանութեան, ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց նախ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը եւ Հայ Աւետարանական Համայնքի ընտանիքի անդամները եկեղեցւոյ 100-ամեակին օրհնաբեր առիթով:
Աստուածաշունչի ընթերցում կատարեց Պատուելի Շանթ Ակիշեան:
Օրուան պատգամը ուղղեց Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Վերապատուելին հիմնուելով Սաղմոս 127։1-ի Սուրբ Գրային համարին վրայ ըսաւ. «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին զայն շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները»։ Ապա յայտնեց, որ մեր նախահայրերը ոգեշնչուած աստուածային նպատակներով, Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ անսասան հաւատքով դրին այս եկեղեցւոյ հիմնաքարը: Ինչպէս Սաղմոսերգուն կը յայտարարէ, Բեթէլը կը վկայէ այն ճշմարտութիւնը, որ Աստուած կը կառուցէ, եւ Անոր մէջ մեր հիմքը ապահով է:
Այնուհետեւ Վերապատուելի Համայնքապետը անդրադառնալով Եսայի մարգարէին խոստումին (Եսայի43։2) դիտել տուաւ, որ մարտահրաւէրներու գետերուն եւ անորոշութիւններու կրակներուն մէջէն անցնելով Բեթէլ եկեղեցին ամուր կանգնած է: Եսայիի խոստումը գրուած է մեր պատմութեան մէջ. Տէրը մեզի հետ եղած է, դառնալով անսասան խարիսխը անհանգիստ ժամանակներուն մէջ:
Տօնակատարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ժամանակ մենք եղած ենք միասին՝ մարմնաւորելով սուրբ գրային կոչը, քաջալերելով եւ կառուցելով:

Ապա Վերապատուելին եզրափակեց իր խօսքը ըսելով.«Բեթէլ եկեղեցին, ոչ միայն աղիւսէ եւ շաղախէ շինութիւն եղած է, այլ Աստուծոյ հաւատարմութեան կենդանի վկայութիւն, որ դաջուած է Հալէպի պատմութեան տարեգրութեան մէջ

Յոբելենական պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ համայնքապետներու առաքելական եւ օրհնութեան աղօթքներով:

Ժանէթ Լիպարեան – Թիւթիւնճեան