Իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ առնելու աւանդութիւնը պահելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ 2024 տարին հռչակեց «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի», հրաւիրելով բոլորը լարուած աշխատանքով նպաստելու մարդուժի պատրաստութեան գործընթացին:

Արդարեւ, Կիրակի, 14 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Մարդուժի Պատրաստութեան Տարուան հայրապետական պատգամը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթերցեց Նորին Սրբութեան հայրապետական պատգամը, ներկայութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներու:
Թեմի եկեղեցիներուն մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հայրապետական պատգամը ընթերցեցին՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան (Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի), Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան (Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի), Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի), Քեսապի Հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան (Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի), Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան (Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցի) եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան (Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցի):

Մարդուժի Պատրաստութեան Տարուան հռչակագիրը կը բացուի Նորին Սրբութեան հայրական ողջոյնով եւ նոր տարուան բարեմաղթութիւններով, ապա կը պարզուի Հայրապետական հռչակագրերուն նպատակը, որ եկեղեցւոյ առաքելութեան հետ համահունչ կը ձգտի անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարել՝ ի խնդիր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու առաւել կենսաւորման։

Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով 2022-ի եւ 2023-ի հռչակագրերուն, որոնք նուիրուած էին Սփիւռքին, կը յայտնէ, թէ մեր կառոյցները կենսաւորողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, Սփիւռքը որպէս հայակեդրոն գոյութիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պահողը եւ որակ ու ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է՝ հոգեմտաւոր պատրաստութիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամբողջական նուիրում ունեցող մարդուժը։ Ա՛յս խոր համոզումէն մեկնելով, ան 2024 տարին կը հռչակէ՝ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ:

Վեհափառ Հայրապետը աստուածաշնչական մէջբերումներով կ’անդրադառնայ մարդուն իւրայատուկ տեղին ու եզակի դերին աստուածային յայտնութեան ու ծրագրին մէջ, ինչպէս նաեւ ան կը պարզէ մարդուն առանցքային դերը տիեզերքին ու ընկերութեան կեանքին մէջ։
Ան անդրադառնալով հայ կեանքէն ներս մարդուժի պակասին, անընդունելի կը գտնէ այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց անտարբեր մնալ։ Աւելցնելով ան կ’ըսէ. «Համասփիւռքեան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւաքական աշխատանքին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք։ Քաջ պէտք է գիտնանք, որ առանց մարդուժի մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր որակը, պիտի ճահճանայ ու գունաթափի եւ մեր գոյութեան արմատները պիտի տկարանան։ Մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է»։
Վեհափառ Հայրապետը հարցադրումներ կատարելով կը յայտնէ, թէ մարդուժի իմաստով այսօր հայ կեանքը հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.- առաջին, մեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն։ Երկրորդ, մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կամ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի, եւ կամ հեռու է հայ կեանքէն։

«Ներկայ Մարդուժին Ներառումը Հայ Կեանքէն Ներս» վերնագիրով, Նորին Սրբութիւնը մարդուժի վերակազմակերպման ու հզօրացման առաջին կարեւոր քայլը կը համարէ՝ հայ կեանքի մայր էջէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը ներգրաւել հայ կեանքէն ներս։
«Կ’ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրամայական է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեանքին, մասնակից դառնայ մեր հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։ Այս հաստատ կամեցողութիւնը ու գիտակից յանձնառութիւնը կը սպասենք հեռու մնացողներէն։ Միաժամանակ՝ կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատկապէս երիտասարդ ուժերուն, զանոնք ներգրաւելով մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս։ Մեզի համար սիրելի եւ յարգելի է մեր մարդուժը։ Հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ մեր մարդուժը կազմող անձինք ուրիշներուն դռները թակեն, ուրիշներուն ծառայեն, իրենց մասնագիտութիւնը ու փորձառութիւնը ի սպաս դնեն ուրիշներու յաջողութեան։ Մեզի համար առաջնահերթը, հիմնականը, մնայունը մեր ազգն է, մեր հայրենիքն է, մեր գաղութներն են», կը հաստատէ Վեհափառ Հայրապետը։

«Նոր Մարդուժի Պատրաստութիւն» խորագիրով Վեհափառ Հայրապետը մարդուժի կազմակերպման ու հզօրացման երկրորդ կարեւոր քայլը կը համարէ՝ նոր մարդուժի պատրաստութիւնը, որ կ’ենթադրէ երկարաշունչ գործընթաց, ամբողջական նուիրում, լուրջ կազմակերպուածութիւն, հետեւողական աշխատանք եւ նաեւ՝ նիւթական լայն ներդրում։

«Մարդուժի պատրաստութիւն կը նշանակէ հայ մարդը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախել, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի յատկանշական դէպքերուն, դէմքերուն ու մարտահրաւէրներուն ծանօթացնել, ներկայ աշխարհին մասնագիտութիւններուն մէջ խորանալու կարելիութիւն ընծայել, այս բոլորէն վեր ու այս բոլորը իմաստաւորող՝ մեր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայելու ոգին ներարկել, հայ կեանքին բերելու իր գործուն մասնակցութիւնը»։

Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ գիծերով կը յիշէ այն կառոյցները ու միջոցները, որոնք կարեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան.-
1) Մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու մնայուն խարիսխը ընտանիքն է։ Հայ մարդու կազմաւորման ամուր հիմքը կը դրուի ընտանիքէն ներս։
2) Մարդուժի պատրաստութեան երկրորդ վայրը եկեղեցին է։ Եկեղեցին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահպանման հնոցն է ու կենսաւորման աղբիւրը։
3) Մեր Սուրբ Աթոռի դպրեվանքին նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը։
4) Հայ դպրոցը, բնականաբար, մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կառոյցներէն մէկն է։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է վերաշեշտել հայ դպրոցին մարդակերտումի առաքելութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելով անոր նպաստող ծրագիրներուն։
5) Հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները՝ կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ընկերային, եւլն. իրենց կարգին մարդուժի պատրաստութեան իւրայատուկ դպրոցներ են։
6) Հայագիտական դասընթացքները մարդուժի կազմաւորման մէջ էական դեր ունին։ Այսօր, փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպուած Հայագիտական Կեդրոնը Կաթողիկոսարանէն ներս կը գործէ։ Հարկ է նաեւ յիշել Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին ու Հայկազեան Համալսարանին հայագիտական դասընթացքները։
7) Կաթողիկոսարանէն ներս գործող մանկավարժական կեդրոնը, նպատակ ունենալով մանկավարժական նոր մեթոտներով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը, յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս մարզէն ներս։
Վերոյիշեալ համայնքային կառոյցներէն անդին, համալսարանական ուսումը կը նկատենք էական, ինչպէս նաեւ ամբողջացուցիչ մասը մարդուժի պատրաստութեան։
Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներդրում կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման մէջ։

Նորին Սրբութիւնը, մարդուժի պատրաստութեան գծով, հետեւեալ գործնական թելադրութիւնները կը կատարէ.-
1) Հակառակ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն ու սահմանափակ միջոցներուն, մարդուժի պատրաստութեան գծով հսկայ աշխատանք է կատարուած։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ ծրագրաւորումի յատուկ աշխատանք կատարուի կառոյցներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ՝ կրկնութիւններէ ու բացթողումներէ խուսափելու համար։
2) Գաղութներէն ներս մարդուժի համախմբումը կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Համախմբումը կարելի է կատարել երկու հանգրուաններով։ Առաջին հանգրուանին կը մասնակցի գաղութէն ներս գործող մարդուժը եւ երկրորդ հանգրուանին՝ նաեւ գաղութէն հեռու մնացած մարդուժը։
3) Համախմբումները անհրաժեշտ է որ կազմակերպուին յստակ օրակարգի մը հիման վրայ։ Հարկ է լսել ներկաներուն տեսակէտները, մտահոգութիւնները ու առաջարկները, եւ ապա միասնաբար գաղութին հզօրացման առնչուած ընդհանուր ուղեգիծ մը ճշդել՝ առաջնահերթութիւններու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով։
4) Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մասնակցութեան՝ ներառելով յատկապէս համալսարանականներն ու համալսարանաւարտները։
5) Անհրաժեշտ է որոշ առիթներով եւ նոյնիսկ հանգրուանային կերպով գաղութին մարդուժը համախմբող հաւաքներ կազմակերպել՝ քննարկելու թէ՛ գաղութին հետ աղերս ունեցող ընդհանուր ծրագիրներ եւ թէ համասփիւռքեան ու համազգային մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ։
6) Գաղութի մը մարդուժին ամբողջական ցանկագրումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ։
7) Թելադրելի է, որ յիշեալ յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերեն թեմական, կուսակցական, կրթական, երիտասարդական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու գործադիր մարմինները։
8) Մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ նիւթական յանձնառութիւն։ Համայնական այս ճիգին մէջ մեր ունեւոր ազգայինները պարտաւոր պէտք է զգան այս ուղղութեամբ կարեւոր ներդրում կատարելու:
9) Մեր թեմերը ու կառոյցները իրենց գործունէութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ պէտք է յատկացնեն մարդուժի պատրաստութեան հետ աղերս ունեցող նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն։
Վերջապէս Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման աշխատանքները յղացողը, ծրագրողը եւ գործադրողը մեր մարդուժը պիտի ըլլայ։

Նորին Սրբութիւնը հռչակագիրը կը փակէ զօրակցական խօսքով. «Այս մտածումներով ու սպասումով, հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ, եւ կը վստահեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մասնակից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նուիրական առաքելութեան»։

Հայրապետական պատգամի լոյսին տակ, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր մարմինները 2024 տարուան ընթացքին հրաւիրուած են սերտուած ծրագիրներ մշակելով իրենց ներդրումը բերելու մարդուժի պատրաստութեան գործընթացին: