Երեւան եւ Պաքու յաջողեցան փոխադարձ համաձայնութեան հասնիլ խաղաղութեան պայմանագիրի բնաբանի որոշ ձեւակերպումներուն շուրջ: Բայց գոյութիւն ունին շարք մը առանցքային հարցեր, որոնց վերաբերեալ մօտեցումներու տարբերութիւն կայ: Այս մասին, 23 Յունուարին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (Այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) Արարատ Միրզոյեան:

«Նախապէս ատրպէյճանական կողմը կ՛առաջարկէր օգտագործել 1974-էն 1990 թուականներու ժամանակաշրջանի քարտէզները: Մենք առաջարկեցինք, որ ատիկա կրնայ ընդունելի ըլլալ: Բայց, մեկնելով Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւններէն, կարելի է ըսել, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշման մէջ այս հարցին մէջ յետընթաց կայ», ընդգծեց Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը: