Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 21 Յունուար 2023-ին, Երեւանի Զօր. Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նորոգ վախճանեալ պաշտօնաւարտ 60-րդ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Սուրէն Սրբ.Արք. Գաթարոյեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ազգայիններ, վաստակաւոր միութենականներ եւ վախճանեալ սրբազան հօր յիշատակը յարգող հալէպահայեր։

Արարողութիւնը կատարեցին Մայր աթոռի ներկայացուցիչ հայր սուրբը եւ Բերիոյ Թեմէն ներս Սուրէն սրբազանին հետ ծառայած՝ Արժ. Տէր Հայկազ Քհնյ.Մասոյեան եւ Արժ.Տէր Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան։

Արարողութեան ընթացքին խորհրդաւոր մոմերով աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ սրբազանին հոգւոյն խաղաղութեան համար։

Ապա ներկաները ուղղուեցան «Մարիլտա» ճաշասրահ՝ յուշ հաւաքին մասնակցելու։

Շրջ. Միութեան Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Աւետիսեան ներկայացուց օրուան շարժառիթն ու յայտագիրը։ Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ սրբազան հօր կենսագրութիւնը, ծաւալուն աշխատանքն ու Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին տածած անոր սէրն ու յարգանքը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ պատրաստած էին վարչութեան անդամ Ժիրայր Կարապետեան եւ ճեմարանական Գալուստ Գալուստեան։

Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը որպէս մարդ եւ առաջնորդ ներկայացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութեան եւ ԱՔԵ Ճեմարանի խնմակալութեան նախկին ատենապետ տոքթ. Մանուկ Իսկէնտէրեան։

Հալէպի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ Կարպիս Վարդանեան ներկայացուց սրբազան հօր արժանիքներն ու գործունէութիւնը։

Ապա Արժանապատիւ քահանայ հայրերը իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին։

Վախճանեալ Սուրէն սրբազանին պայծառ յիշատակը յաւերժացնող հաւաքը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Սուրէն սրբազանին անունը, որպէս շինարար և ամբողջանուէր առաջնորդ, դրոշմուած պիտի մնայ Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ Ճեմարանի պատմութեան մէջ։

Յիշատակն Արդարոյն Օրհնութեամբ եղիցի։

Ժիրայր Կարապետեան